Սուրիացի Վարձկան Ահաբեկիչները Սարսափած Են Հայ Դիպուկահարներէն

Աշխարհ

Անկախ լրագրող Լինտսի Սնել, որ առաջիններէն մէկն է, որ աշխարհին յայտնած է Արցախի մէջ կռուող սուրիացի ահաբեկիչներուն մասին, նոր վկայութիւն հրապարակած է:

«Կը պատմէ Ազրպէյճանէն վերջերս վերադարձած Սուրիական Ազգային բանակի զինեալը.

«Ես ու եղբայրս Սուրիոյ մէջ կռուած ենք ողջ պատերազմի ընթացքին, բայց նման բան չենք տեսած: Մարտերէն մէկու մը ժամանակ 45 հոգիով փոքր բլուրի մը վրայ էինք: Մէկ դիպուկահարը սպաննեց 8 զինեալ «Սուլթան Մուրատ» խմբաւորումէն եւ 2` «Համզայէն»: Անոնց դիպուկարները այնպիսին են, ինչպէս ֆիլմերու մէջ տեսած ենք», — գրած է Լինտսի Սնել իր թուիթըրի էջին վրայ: