Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Կրկին Կոչ Ըրած Են Պոյքոթի Ենթարկելու Թրքական Ապրանքները

Աշխարհ

Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Ապտուլռահման պըն Մուսաատ պըն Ապտուլազիզ ալ-Սէուտ յորդորած է պոյքոթի ենթարկել թրքական ապրանքները: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Haberturk-ը։

Ապտուլռահման պըն Մուսաատ այսպիսի կոչով հանդէս եկած է, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է. «Քաթարի մէջ թրքական բանակը կը նպաստէ Պարսից ծոցի երկիրներուն մէջ իրավիճակի կայունացման»:

Արքայազնը, կիսվելով Էրտողնի յայտարարութեան մասին BBC-ի հրապարակումը, գրած է. «Ահա ասոր պատճառով պէտք է պոյքոթի ենթարկենք թրքական ապրանքները,- ապա հեգնանքով աւելցուցած է. – կոչ կ՝ընեմ պոյքոթի ենթարկելու թրքական ապրանքները, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ կայունացնել ու ամրապնդել Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը»:

Սէուտական Արաբիոյ առեւտրային պալատի ղեկավար Աճլան ալ Աճլան այդ թեմայով նոյնպես գրառում ըրած է Twitter-ի մէջ:

«Պոյքոթեցէ՛ք թրքական ամէն բան՝ ներմուծումը, արտահանումը, ներդրումներն ու զբօսաշրջութիւնը: Այժմ ատիկա իւրաքանչիւր գործարարի եւ սպառողի պարտականութիւնն է»։

Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, շաբաթներ առաջ, նոյնպէս յայտարարուած էր թրքական ապրանքներու պոյքոթ: