Մինսկի Խմբակը Մարդասիրական Զինադադարը Անյապաղ Հաստատելու Կոչ Ըրաւ

Աշխարհ, Հայաստան

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Արցախի հակամարտութեան կողմերուն կոչ ըրին անյապաղ հաստատելու 10 Հոկտեմբերի մարդասիրական զինադադարը, «տարածաշրջանին համար աղէտալի հետեւանքները կանխելու համար»:

13 Հոկտեմբերին անոնց տարածած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, թէ համանախագահները տագնապով արձանագրած են հակամարտութեան գօտիին մէջ շարունակուող բռնութեան շարունակումը։

«Համանախագահները դարձեալ կը յայտարարեն, որ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ զոհերը անընդունելի են որեւէ պարագայի։ Հրադադարը պիտի ապահովէ աճիւններու, եւ գերիներու վերադարձը; Կոչ կ՛ընենք նաեւ անյապաղ համաձայնիլ հրադադարի ստուգման համակարգին շուրջ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ զրոյցներէն ետք, համանախագահները կ՛աշխատին կողմերուն հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման գործընթացի առարկայական հարցերու շուրջ՝ բանակցային լուծման հասնելու նպատակով», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: