Յաղթանակէն Ետք Հոգերը Շատ Պիտի Ըլլան` Աւերակները Արագ Պէտք է Վերականգնենք. Վահրամ Պօղոսեան՝ Անդրադառնալով Համահայկական Դրամահաւաքին

Uncategorized

Յաղթանակէն ետք հոգերն ալ շատ պիտի ըլլան` աւերակները պէտք է արագ վերականգնենք, ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան` անդրադառնալով պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքները վերացնելու նպատակով «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»ի հաշուեհամարին արդէն աւելի քան 70 միլիոն տոլար փոխանցուած ըլլալուն:

Անկեղծ կ՛ըսեմ` բոլորին շատ շնորհակալ ենք: Թող ոչ ոք վիրաւորուի իմ խօսքէն, քանի որ Արցախը հաւասարապէս բոլորիս հայրենիքն է: Բայց յաղթանակէն ետք հոգերն ալ շատ պիտի ըլլան: Աւերակները արագ պէտք է վերականգնենք: Յաղթանակէն ետք մենք բոլորովին նոր ու շէն Արցախ պիտի ունենանք»,- գրած է Պօղոսեան: