Բողոքի Ցոյցեր՝ Զանազան Գաղութներէն Ներս

Սփիւռք

Յատկապէս եւրոպայի զանազան մայրաքաղաքներու մէջ, հայորդիներ կագմակերպեցին ցոյցեր թիկունք կանգնելով Արցախի մարտունակ ժողովուրդին։
Ֆրանսայի մարաքաղաք Փարիզի հայաշատ արուարձանին` Ալֆորվիլի մէջ քաղաքապետ Լիւք Քարվունասի կազմակերպութեամբ կիրակի Հոկտեմբեր 4-ին տեղի ունեցած հաւաքը` առ ի զօրակցութիւն Արցախի ու Հայաստանի, խուռն բազմութեան եւ քաղաքական նկատառելի ընտրանիի մը մասնակցութեամբ, յատկանշուեցաւ քաղաքական կարեւոր եւ յստակ կեցուածքներով, ուր մասնաւորապէս մատնացոյց եղաւ Անգարա-Պաքու ուղիղ գիծը` Արցախի եւ Հայաստանի վրայ կատարուող ռազմական, քաղաքական եւ քարոզչական յարձակումներու գծով:
Ներկայ էին նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, քաղաքապետը` Լիւք Քարվունաս, Փարիզի փոխ քաղաքապետուհի Օտրէ Փիւլվար, մեծաթիւ երեսփոխաններ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, հոգեւոր հայրեր եւ հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Բոլոր խօսք առնող անձնաւորութիւնները շեշտեցին Անգարայի ուղղակի մասնակցութիւնը Պաքուի կողքին, դատապարտելով զայն, ինչպէս նաեւ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնելով Արցախին ու Հայաստանին:
Բուռն ճառ արտասանեց Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան: Ան վեր առաւ Հայոց բանակի փայլուն առաքելութիւնն ու յաղթական երթը ընդդէմ թուրք-ազերի նենգ յարձակումին, ողջունեց հայ զինուորին ու թիկունքի կամաւորներուն անկոտրում կամքն ու քաջարի դիմադրութիւնը:
Իր խօսքը ուղղելով ֆրանսական իշխանութեանց, Մուրատ Փափազեան ըսաւ. «Շնորհակալ ենք Ֆրանսային, որ իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախին ու Հայաստանին, մանաւանդ յստակ նշելով Պաքուի նախայարձակ ըլլալը եւ Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութիւնը: Այնչափ շնորհակալ ենք ֆրանսացի ցարդ 173 խորհրդարանականներուն, որոնք զօրակցագիր ստորագրած են ի նպաստ Արցախի ու Հայաստանի` ընդդէմ ազերիական ակրեսիային: Շնորհակալ` այս պատերազմին գծով նախագահ Մաքրոնի արդար ու յստակ դիրքորոշումին, որ կը յատկանշուի թուրք-ազերի կողմին դատապարտումով ու հայկական կողմին զօրակցութեամբ: Իրապէս շնորհակալութիւն` Ֆրանսա: Բայց, բաւարար չէ, հաւատացէք եւ կ՛‘ակնկալենք շատ աւելին, ուղղակի շօշափելի ու գործնական քայլեր` կասեցնելու էրտողանի եւ Ալիեւի վաշխառու ընթացքը»:
Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ըսաւ, որ Թուրքիա հատած է բոլոր սահմանները, կը հովանաւորէ միջազգային ահաբեկչութիւնը եւ անոր քաղաքականութիւնը կը հակասէ Եւրոպական Միութեան բոլոր չափանիշներուն: Ֆրանսուա Հոլլանտ իր խօսքը եզրափակեց այսպէս. « կոչ կ՛ուղղեմ ֆրանսացի ժողովուրդին` ըլլալ զօրակից` հայ ժողովուրդին, իր այս դժուար պահերուն: Արցախի հարցն միայն նահատակ հայ ժողովուրդի հարցը չէ, այլ միջազգային խնդիր է: Արդ, եթէ Ֆրանսան եւ Եւրոպան ներկայ ըլլան հարկ եղած ձեւով ու չափով, Էրտողանի քաղաքականութիւնը կանգ կ՛առնէ այստեղ»:
Քաղաքապետ Լիւք Քարվունաս յայտնեց, որ հպարտ է, որ իր նախաձեռնութեամբ Ալֆորվիլը բարեկամութեան համաձայնագիր կնքած է Արցախի Բերձոր քաղաքին հետ, ի հեճուկս` Պաքուի բոլոր տեսակի միջամտութիւններուն: Ան ըսաւ, որ դատարան դիմած ազերիական կողմին քայլերը չեն կրնար կասեցնել Ալֆորվիլը եւ կոչ ուղղեց ֆրանսական իշխանութեանց` դադրեցնել այս դատական անընդունելի հոլովոյթն ու որոշումը, որ առաւել առիթ կ՛ընծայէ էրտողաններուն եւ ալիեւներուն անընդունելի ոտնձգութեան: Ան իր խօսքը աւարտեց «կեցցէ Արցախի Հանրապետութիւնը» համարձակ արտայայտութեամբ:
Ընդառաջելով Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին, հարաւային Ֆրանսայի գրասենեակին կոչին՝ Մարսէյի եւ շրջանի հայութիւնը Սեպտեմբեր 30-ին, շրջանի նահանգապետարանին առջեւ բողոքի ցոյց մը կատարեց Արցախը եւ Հայաստանը թիրախ առնող թուրքեւատրպայճանական յարձակումներուն դէմ։
Շուրջ հազար հոգի համախմբուած էր դատապարտելու համար այս յարձակումը։
Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքի հայ համայնքը համագործակցութեամբ Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ իր պարտքը մատուցեց հայոց բանակին’ խաղաղ ցոյց կազմապերպելով Միւնիխի կեդրոնական հրապարկներէն Օտէօնսփլացի մէջ դատապարտելու համար Ատրպէյճանի անմարդկային յարձակումները և միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու ճշմարտութիւնը։
Ցոյցը սկսաւ Գերմանիոյ Թեմի առաջնորդ Տէր Սերովբէ Եպիսկոպոս Իսախանեանի խօսքով, որ ընթերցուեցաւ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Այգիկ քահանայ Յովհաննէսեանի կողմէ։ Ցոյցին մասնակցեցան տարբեր հայկական միութիւններ, յունական համայնքի ներկայացուցիչներ եւ հարիւրաւոր հայրենակիցներ։ Ներկայացուցիչները հայերէն եւ գերմամերէն լեզուներով հանդէս եկան ներկայացնելու տիրող իրավիճակը։

Գերմանիոյ Հայ դատի յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Շանթ Գրիգորեանը։ իր կոչին մէջ Գրիգորեանը փոխանցեց Հայ դատի յանձնախումբի մտահոգութիւնը թէ թուրք-ազրպէյճանական համագործակցութեան և թէ գերմանական կառավարութեան այս առումով որդեգրած անտարբեր կեցուածքին առնչութեամբ։ Յանձնախումբը կոչ ուղղեց երկրի վարչապետ Տիկին Անկելա Մէրքլին եւ գերմանական կառավարութեան անյապաղ զինադադարի հրաւիրել Ատրպէյճանը զգուշացնելով հայերու դէմ գործուելիք երկրորդ Ցեղասպանութեան վտանգէն։ Իր խօսքի աւարտին Եղբայր Շանթ Գրիգորեանը Տիկին Մէրքելին հրաւիրեց կատարել իր պատմական պատասխանատուութիւնը հայերու նկատմամբ։
Սեպտեմբեր 30-ի երեկոյեան, Աթէնքի Սինտաղմայի կեդրոնական հրապարակին վրայ, մօտ հազար հայեր ներկայ գտնուեցան եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին դէմ Արցախի վրայ։ Բողոքի հաւաքը ունէր գաղութային միացեալ բնոյթ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան, Ռ.Ա.Կուսակցութեան, յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու, գաղութի ազգային, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, երիտասարդական ու պատանեկան կառոյցներու մասնակցութեամբ եւ կազմակերպ հայ երիտասարդութեան պատրաստութեամբ ու կազմակերպութեամբ։ Որոշեալ ժամուն, հայութիւնը՝ պատանիէն սկսեալ մինչեւ տարեցը, մէկ ձայնով ու զօրաւոր կամքով հաւաքուեցաւ հրապարակին վրայ՝ յունական խորհրդարանի դիմացը։ Երիտասարդները պաստառներով, որոնք կը դատապարտէին ազերիական յարձակողականութիւնը, տեղ բռնած էին հրապարակի երկայնքին՝ ստեղծելով տպաւորիչ պատկեր մը։
Կազմակերպիչ մարմնի անունով, հաւաքի բացումը կատարեց Սերգօ Գույումճեան, որ նախապէս նկարագրեց վերջին օրերուն թուրք-ազերիական յարձակումներու տարողութիւնն ու ընթացքը, մատնանշելով թէ՝ ի տարբերութիւն նախորդ յարձակումներուն, այս անգամ Ատրպէյճան ծաւալած է պատերազմ մը սահմաններու ամբողջ երկայնքին։
Ան ողջունեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ վերջին նախաձեռնութիւնը Ե.Ա.Հ.Կ.-ի նախագահութեան մօտ՝ պատերազմի դադրեցման եւ բանակցութիւններու սեղանին վերադարձի կապակցութեամբ։
Յաջորդաբար, ողջոյնի խօսքեր առին խորհրդարանի հայ-յունական գործակցութեան յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Տիմիթրիս Մարքոփուլոս, Յունաստանի համապոնտական միութեան նախագահ Եորղոս Վարիթիմիատիս, Յունաստանի մէջ ապրող Ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս, յունական քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով յոյն երեսփոխաններ։ Բոլոր խօսողները բուռն կերպով դատապարտեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակումները եւ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցին Արցախի հայութեան ու հայ ժողովուրդին։ Յատկանշական էր, որ ելոյթի ընթացքին, հեռաձայնային կապով, Յունաստանի նախկին վարչապետ եւ հայ ժողովուրդի ջերմ բարեկամ Անտոնիս Սամարաս իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին։ Նաեւ, նոյն պահուն հաւաքուած ժողովուրդը տեղեկացաւ, որ յոյն-ազերիական խորհրդարանական խումբին մէջ արձանագրուած են հրաժարականներ յոյն երեսփոխաններու կողմէ, որպէս բողոքի արտայայտութիւն։
Կազմակերպութեամբ Ալեքսանտրուպոլսոյ Թաղային խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ շրջանի հայութեան, աւելի քան 300 հայրենակիցներ հաւաքուեցան «Ս. Յովհաննու Կարապետ» եկեղեցւոյ շուրջ՝ իրենց բողոքի ձայնը միացնելու համար ամբողջ հայութեան ձայնին։
Նախապէս, կատարուեցաւ կարճ եկեղեցական ժամերգութիւն մը, ապա խօսք առաւ Առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան, որ նշեց թէ Սփիւռքի մէջ ամբողջ հայութիւնը ոտքի կանգնած է եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախին ու անոր ժողովուրդին։ Ան դրուատեց հայութեան պայքարունակ ոգին, հայրենասիրութիւնը եւ Արցախի սահմաններուն վրայ մեր քաջ զինուորներու հերոսութիւնը։ Յաջորդաբար, հաւաքուած հայութիւնը պաստառներ պարզած՝ քայլարշաւ կատարեց դէպի քաղաքի ծովեզերեայ կեդրոնական հրապարակը, որ հոն նաեւ յոյն ժողովուրդի ներկայութեան, երգուեցան ազգային եւ հայրենասիրական երգեր ու կատարուեցաւ ժողովրդային պարեր։ Աւարտին, երգուեցան հայկական եւ յունական ոգերգները։
Գալամաթայի Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ, շրջանի հայութիւնը մէկտեղուեցաւ հայկական «Ս. Նիկողայոս» եկեղեցւոյ դիմացը գտնուող հայկական խաչքարին առջեւ եւ բարձրացուց պաստառներ դատապարտելով ազերիական յարձակումները Արցախի վրայ։ Յատկանշական էր, որ հաւաքին ներկայ եղաւ Գալամաթայի քաղաքապետ Թանասիս Վասիլոփուլոս, որ իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց հայութեան պայքարին եւ հայ ժողովուրդին։
Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբին եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին, Հոկտեմբեր 3-ի երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի «Սպիտակ Աշտարակ»ին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի հաւաք՝ ընդդէմ թուրք-ազերիական յարձակման։ Աւելի քան 2500 հայորդիներ ներկայ էին։
Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեսաղոնիկէի եւ շրջաններու խորհրդարանի երեսփոխաններ, նախարարներ, պոնտական, ասորական եւ այլ քաղաքական ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց սրտի խօսքերուն մէջ բուռն կերպով դատապարտեցին Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի յարձակումները եւ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցին Արցախի հայութեան ու հայ ժողովուրդին: Բողոքի հաւաքին ներկայ եղան եւ նկարահանեցին յունական հեռատեսիլի կայաններ եւ լրագրողներ։ Հայ դատի յանձնախումբի անդամները համապատասխան լրացուցիչ տեղեկութիւններ եւ հարցազրոյցներ տալով՝ բացատրեցին բողոքի հաւաքի իմաստն ու Արցախի ժողովուրդին արդար իրաւունքները։
Հոկտեմբեր 3-ին, Զուիցերիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ ապրող հայութիւնը հաւաքուեցաւ մայրաքաղաք Պեռնի խորհրդարանին մօտ։ Նպատակն է իշխանութեան եւ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ իրականցուող նախայարձակումներուն եւ խաղաղ բնակչութեան վրայ ծանր զէնքեր կիրառելու անմարդկային քայլին։

Տեղի հայ երիտասարդներն ու միութիւնները դեղորայք, նիւթական եւ այլ օգնութիւն կը հաւաքեն Արցախ ուղղարկելու համար։ Համայնքի երիտասարդները յայտնեցին, թէ այսօր նիւթական օգնութեամբ կ’աջակցին, վաղը պատրաստ են անձամբ պատերազմի մասնակցելու եւ պայքարելու յանուն հայրենի հողին։
Հոկտեմբեր 1-ին, կիպրահայ համայնքը բազմամարդ եւ տպաւորիչ ցոյց կազմակերպեց Նիկոսիոյ մէջ՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն առջեւ։
Ցոյցին մասնակցեցան 400-էն 450 ցուցարարներ, եռագոյն եւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշակներով ու պաստառներով, որոնք ցոյցի ընթացքին բարձրաղաղակ կը բացագանչէին Արցախի մէջ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները դատապարտող կարգախօսեր։
Կիպրահայ համայնքի ղեկավարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացեալ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանէ, Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանէ, ինչպէս նաեւ՝ հայկական երեք կուսակցութիւններուն, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կիպրոսի գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներէն, յուշագիր մը յանձնեցին նախ Ռուսիոյ Դաշնութեան, ետքը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ ապա՝ Ֆրանսայի դեսպաններուն, իբրեւ Ե․Ա․Հ․Կ․-ի Մինսքի Խումբի համանախագահող երկիրներ, կոչ ուղղելով իրենց, որ միջամտեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ուղղութեամբ, որպէսզի վերջ մը դրուի Ատրպէյճանի կողմէ հռչակուած պատերազմին։
Ցոյցին մասնակցեցան նաեւ յոյն-կիպրացի բազմաթիւ երեսփոխաններ, նախկին եւրոխորհրդարանականներ, Սթրովոլոսի քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ՝ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ վերջերս կազմուած Արցախի Բարեկամներու Շրջանակի անդամներ։ Ցոյցին լայն կերպով անդրադարձաւ տեղական մամուլը, զանգուածային լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերը։

Related