Լիբանանեան Լրագրողական Խումբեր Կը Գործուղուին Արցախ

Աշխարհ, Հայաստան


Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի տեղեկատու գրասենեակին, անցնող շաբաթ «Էլ.Պի.Սի.Այ.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողական խումբը գործուղուեցաւ Արցախ եւ ուղղակի սփռումներ կատարեց պատերազմի դաշտէն,  Ստեփանակերտէն եւ այլ շրջաններէն: Այսօր, դարձեալ տեղեկատու գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, «Էմ.Թի.Վի.» եւ «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողական խումբեր կը գործուղուին Արցախ, անոնց կ՛ընկերակցի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեան: