ՄԻԵԴ-ը Բաւարարած է Թուրքիոյ Նկատմամբ Միջանկեալ Միջոց Կիրառելու Վերաբերեալ Հայաստանի Դիմումը

Աշխարհ, Հայաստան

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Թուրքիոյ նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրառելու վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան դիմումին հիման վրայ կայացուցած է զայն կիրառելու մասին որոշում:

ՄԻԵԴ-ի որոշման մէջ ըսուած է.

«Դատարանը կը վերահաստատէ միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին Սեպտեմբեր 29-ի որոշումը եւ կոչ կ՝ընէ ուղղակի կամ անուղղակի ներգրաւուած բոլոր երկիրներուն, ներառեալ՝ Թուրքիոյ, զերծ մնալու քաղաքացիական բնակչութեան՝ Համաձայնագիրով պաշտպանուող իրաւունքները խախտելէ»: