Հակառակորդը Փորձած է Յառաջանալ. Արցախի ՊԲ Դիպուկ Կրակով Խոցուած է Ռազմական Վառելիքի Խոշոր Պահեստ

Հայաստան

Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ Հոկտեմբեր 6-ի լոյս 7-ի գիշերուան ընթացքին հակառակորդը փորձած է յառաջանալ եւ ամրանալ հարաւարեւելեան ուղղութեամբ (Ջէպրայիլ չհասած), սակայն հայկական զինուած ուժերու հրթիռահրետանային դիպուկ կրակով ազրպէյճանական ստորաբաժանումները խոցուած են:


Ըստ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան, առաւօտեան 06:30-ին հերթական հրթիռահրետանային հարուածէն ետք, մարտադաշտին մէջ եւս 60 զոհ ձգելով, ինչպէս նաեւ 22 միաւոր խոցուած, քանի մը տասնեակ սարքին ռինամթերք, հակառակորդի գերհագեցած երեք խումբերու մնացորդները խուճապահար դիմած են փախուստի: Տեսագրութիւնն առկայ է:


Հայկական ստորաբաժանումներու դիպուկ կրակով քիչ առաջ հարաւարեւելեան ուղղութեամբ խոցուած է հակառակորդի վառելաքի պահպանման խոշոր պահեստ:
Ճակատի տարբեր ուղղութիւններու մէջ ստեղծուած են հնարաւորութիւններ յաջողութիւնները զարգացնելու համար: