ՀՀ Իշխանութիւններէն Կը Պահանջենք ՆԱԹՕ-ին Դիմել. ՀՅԴ ՀԳՄ Յայտարարութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի.

«ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան 2020 թ. Սեպտեմբեր  27-ին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի համահեղինակն է, անմիջական հրահրողն ու մասնակիցը:

Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ կը հաւաքագրուին եւ հակամարտութեան գօտի կ՝ուղարկուին ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներու հազարաւոր անդամներ՝ տարածաշրջանը վերածելով միջազգային ահաբեկչութեան նոր օճախի:

Թուրքիոյ չդադրող պատերազմական հռետորաբանութիւնն ու պատերազմական գործողութիւններուն մէջ Ազրպէյճանին ցուցաբերուող ռազմական աջակցութիւնը նպատակաուղղուած է անկայունութեան աշխարհագրութեան ընդլայման ու այնտեղ այլ պետութիւններու ներգրաւման:

Թուրքիան, ըլլալով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամ, կը խախտէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ չէզոքութիւն պահպանելու՝ իր ստանձնած պարտաւորութիւնը:

Թուրքիան կ՝իրականացնէ ՆԱԹՕ-ի կողմէ հռչակուած խաղաղասիրական եւ հակաահաբեկչական իր առաքելութեան դէմ ուղղուած գործողութիւններ: Մինչդեռ ղարաբաղեան ընթացող պատերազմի պայմաններուն մէջ իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ՝ առ այսօր՝ ՆԱԹՕ-ն չէ անդրադարձած իր անդամ Թուրքիային իբրեւ պատերազմ հրահրող յանցաւոր վարքագիծին ու չի զսպեր զինք:

ՆԱԹՕ-ի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան համագործակցութեան փաստաթուղթերով` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու գործընթացին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած յանձնառութիւնները անիրագործելի են Թուրքիոյ այսպիսի սանձարձակ գործելաոճին պատճառով:

Մեկնելով վերը նշուածէն`

կը պահանջենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն` դիմել ՆԱԹՕ-ին՝ ծանուցելով վերջինիս հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած յանձնառութիւններու` ողջ ծաւալով կատարման անհնարինութեան մասին, քանի դեռ ՆԱԹՕ-ն չէ դատապարտած Թուրքիոյ անմիջական մասնակցութեամբ տարածաշրջանին մէջ պատերազմի սանձազերծումը, չէ ձեռնարկած վերջինիս ծաւալապաշտական ձգտումները զսպելու իրական գործողութիւններ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին

                             06.10.2020թ.»: