Արցախախի Ճակատային Գիծի Բոլոր Ուղղութիւններուն Վրայ Մարտական Գործողութիւնները Կը Շարունակուին

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 1 լոյս 2-ին արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած:

ՊԲ լրատուական ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ առանձին ուղղութիւններու վրայ շարունակուած են փոխհրաձգութիւնները հրետանային ու հրաձգային զինատեսակներէ: Մարտավարական իրադրութեան մէջ էական փոփոխութիւններ չեն արձանագրուած:

Այս պահուն ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններուն վրայ վերսկսած են մարտական գործողութիւնները: ՊԲ ստորաբաժանումները կը շարունակեն կասեցնել հակառակորդին բոլոր գրոհները՝ վերջինիս պատճառելով կենդանի ուժի եւ զինամթերքի կորուստներ: