Մեր Խնդիրը Պաշտպանուիլ Է, Քանի Որ Ազրպէյճանը Յարձակած Է. Վարչապետի Հարցազրոյցը` AlJazeera-ին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայկական կողմի խնդիրը պաշտպանուիլն է, որովհետեւ Ազրպէյճանը ձեռնարկած է յարձակում՝ Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի՝ AlJazeera-ին տուած հարցարզոյցին ընթացքին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ես արդէն ըսի, որ մեր խնդիրը պաշտպանուիլն է, քանի որ Ազրպէյճանը ձեռնարկած է յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ: Եւ, բնականաբար, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան խնդիրը այս յարձակումէն պաշտպանուիլն է»,- ըսած է վարչապետը:

Լրագրողը նկատած է, որ այս բախումը ամենալուրջն է 1994-ի հրադադարէն ետք: Ան նաեւ հարցուցած է, թէ ի՞նչ կրնար ընել հայկական կողմը՝ կանգնեցնելու այս բռնկումը, կեանքներու կորուստը, որուն ի պատասխան Փաշինեանը ըսած է. «Ատոր համար միայն մէկ տարբերակ կայ՝ տրուիլ Ազրպէճանի շանթաժներուն եւ սպառնալիքներուն , բան մը, որ չի կրնար Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համար ընդունելի ըլլալ»: