ՀՕՊ Ստորաբաժանումները Առաւօտեան Արցախի Մէջ Հակառակորդի 1 Ինքնաթիռ եւ 1 ԱԹՍ Եւս Խոցած Են

Աշխարհ, Հայաստան

Հայկական ուժերու Հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները, ժամը 07:55-ի սահմաններուն, Արցախի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ խոցած են հակառակորդի ինքնաթիռ մը եւ անօդաչու թռչող սարք մը։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։

«Արցախի սահմանի երկայնքով կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները։ Հակառակորդի՝ առանձին հատուածներու վրայ մեր զօրքերու պաշտպանութիւնը ճեղքելու փորձերը ձախողած են»,- գրած է Ստեփանեան։