Պիտի Յաղթե՛նք. Մեսրոպ Թասլաքեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կրկին կանգնած ենք մեր պատմութեան վճռորոշ հանգրուաններէն մէկուն առջև, կրկին գոյութեանական իմաստով:

Խնդիրը այս անգամ տարին 12 ամիս սպառնացող ազերին կամ աւելի ճիշդ` թաթարը չէ, այլ զայն իր սեւ շուքին տակ պատսպարած գորշ գայլը, որ ուղիղ 100 տարի անց` եկած է իր արիւնոտ գործը շարունակելու և բացայայտօրէն:

Կարծես խորհրդանշականօրէն ընտրուած է յարձակման թուականը, որ կը զուգադիպի Հայ-թրքական պատերազմի 100 ամեակին: Պատերազմ մը, որ աղէտաբեր եղաւ համաճարակներէն, սովէն ու անվերջ պատերազմներէն տակաւին աչք չբացած Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Բոլշեւիկեան քարոզչութիւնը և ներքին թաթարական ապստամբութիւնները առաւել եւս քայքայեցին և բարոյալքեցին Հայկական բանակը, որ ըստ տուեալներու` ունէ՛ր բաւարար զինամթերք ու ամուր բերդեր դիմակայելու թրքական յարձակման, սակայն…:

Արդիւնքը. կորսնցուցինք ոչ միայն Սեւրի խոստացուած Հայաստանը, այլ` բուն, Արևելահայաստանի մէկ մասը մեր խորհրդանիշ Սրբազան Լեռով: Այս բոլորը կատարուեցան «դաշնակիցներու» և համայն աշխարհի անտարբեր հայեացքին առջև..:

Այսօր, պատկերը մեծ չափով կը կրկնուի: Թշնամին նոյն թուրքն է, զգեստափոխուած, սակայն նոյն ախորժակներով, «Դաշնակիցներ»ը կը շարունակեն հանդարտութեան և զսպուածութեան սին կոչեր ուղղել կողմերուն, նոյն հարթակին պառկեցնելով զոհն ու դահիճը, իսկ մենք դարձեա՛լ առանձին ենք: Մենք, մեր զէնքն ու հաւատքը:

Դատարկ բան է յոյս դնել աշխարհի կամ ՄԱԿի միջամտութեան վրայ: Ոչ միայն մեր, այլ աշխարհի նորագոյն պատմութեան հոլովոյթը ցոյց տուաւ, որ կը յարգուի միայն բիրտ ուժը և անպէտք են մարդկային իրաւունքներու և ազգերու ինքնորոշման մասին ստորագրուած բոլոր դաշնագրերն ու մեծագոռգոռ յայտարարութիւնները: Մարդկութիւնը տակաւին հեռու է Մարդկայինէն և «յաղթում է ուժեղը և ոչ արդարը. վա՜յ թոյլերին»:

Այս պատերազմը զգաստութեան ապտակ պէտք է ըլլայ մանաւա՛նդ անոնց որ կի՜րթ ու մարդասէ՜ր կը համարեն թուրքը և վնասակա՜ր իսկ կը գտնեն մեր դասագիրքերու մէջ եղած քիչ մը ազգային քարոզչութիւնն ալ: Սիրելիներ, Թուրքը` թուրք է ինչ վերարկուի կամ անունի տակ ալ թաքնուի, որովհետեւ ոչ միայն չ՛ուզեր ընդունիլ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստն ու անոր հետեւելիք հաւանական հատուցման պահանջը, այլ, աւելի՛ն քայլ մըն ալ առաջ երթալով կ՛ուզէ միանգամընդմիշտ վերացնել «Հայկական Սեպը» իր Փանթուրանիզմի երազներու ճանապարհին: Տակաւին ի՞նչ փաստի կը կարօտի այս հաստատումը:

Եթէ անցնող 30 տարիներուն չյաջողեցանք պետական ազգ դառնալ,  քաղաքականապէս հասուն, կիրթ ու փաստարկուած վիճաբանող, սակայն առնուազն` արթուն պէտք է ըլլայ մեր մէջ տեսակի, ցեղի պահպանման հաւաքակա՛ն ինքնապաշտպանութեան բնազդը, որովհետեւ Թշնամին զէնքէն աւելի յաղթանակի իր յոյսը դրած է մեր ներքին հարցերուն, վերջերս ծաւալած անհանդուրժողականութեան մթնոլորտին և մեզ տարանջատող արհեստական բաժանումներուն վրայ: Հայ ժողովուրդը արդէն, իսկ փաստը տուաւ միահամուռ ծառացումով, կը մնայ, որ կարգ մը քաղաքական գործիչներ կամ պղտոր ջուրի ձկնորսներ, ինչ կուսակցութեան կամ հոսանքի ալ պատկանին, մէկդի դնեն փոխադարձ մեղադրանքները, յոռի ծաղրանքները, չփաստարկուած ամբաստանութիւնները և ցոյց տանք աշխարհին թէ նուաճած ենք մեր լեռնաշխարհին վրայ ազատ ու անկախ ապրելու մեր իրաւունքը: Բոլո՛րը` ՔՊական, Դաշնակցական, Ռամկավար, Հանրապետական թէ ԲՀԿ, սա մեր գոյութեան պայքարն է և դաւաճանութեան համազօր է բեմերէ հնչած կամ ընկերային ցանցերու մէջ գրուած իւրաքանչիւր բաժանարար բառ ու արտայայտութիւն: Պատասխանատւութեամբ մօտենանք մեզի վստահուած պատմական դերին սա պատմական պահուն: Միակամ ճիգերով չպէտք է թողունք, որ կրկնուի 1920-ի դառն դասը: Առաւել եւս, սա պատմութեան առիթն է շտկելու մեր սխալները և ազգովին կանգնելու Ազատ, Անկախ և Միացեա՛լ Հայաստանի շէմին:

Բոլորս և ամէն ինչ` յաղթանակի համար:

Պիտի յաղթե՛նք