«Հայաստան» Հիմնադրամը Արցախի Համար Մինչ Այժմ Հաւաքած է Աւելի Քան 12 մլն 545 Հազար ԱՄՆ Տոլար

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» խորագիրով համազգային դրամահաւաք-արշաւի ծիրէն ներս արդէն հաւաքուած է աւելի քան 12 մլն 545 հազար ԱՄՆ տոլար:

«Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 27-ին Ազրպէյճանը Արցախի սահմանին ողջ երկայնքով բուռն հրետակոծութիւն սկսաւ` թիրախի տակ պահելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերը, ներառեալ` մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Խստագոյնս կը դատապարտենք Ազրպէյճանի ղեկավարութեան յարձակումը Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ: Հայաստան համահայկական հիմնադրամը Արցախի կողքին է: Միասնական որոշում տրուած է «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» խորագիրով համազգային դրամահաւաք-արշաւ սկսելու` աջակցելու Արցախի մէջ ամուր կանգնած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն: Այս պահի դրութեամբ հաւաքուած է աւելի քան 12, 545,677 ԱՄՆ տոլար եւ կը շարունակուի զգալիօրէն աճիլ: Մեր ժողովուրդը առաւել քան երբեք համախմուած է եւ յաղթական»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: