ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի Նախագահներուն Յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան

Ամերիկային Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահները համատեղ յայտարարութիւն տարածած են, կը յայտնէ ՌԴ նախագահի պաշտօնական կայքը:

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, որոնք կը ներկայացնեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրները, ամենավճռական կերպով կը դատապարտեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի վրայ տեղի ունեցող բռնութիւններուն աճը:

Մենք կը ցաւինք եւ մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն:

Կոչ կ՛ընենք անյապաղ դադրեցնել մարտական գործողութիւնները մասնակից կողմերու զինուած ուժերուն միջեւ:

Մենք նաեւ կոչ կ՛ընենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն անյապաղ պարտաւորութիւններ ստանձնել, բարեխղճօրէն եւ առանց նախապայմաններու առաջադրման, վերսկսելու կարգաւորման էական բանակցութիւնները` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու աջակցութեամբ: