Ազրպէյճանի ԶՈՒ-ն Արցախի Մէջ Թիրախաւորած է Agence France-Presse Գործակալութեան Լրագրողներու Ինքնաշարժը

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանական զինուած ուժերը թիրախաւորած են Արցախի մէջ լրագրողական առաքելութիւն իրականացնող Agence France-Presse (AFP) միջազգային լրատուական գործակալութեան լրագրողները տեղափոխող ինքնաշարժը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ ներկայացնելով վնասուած ինքնաշարժին լուսանկարները:

Յիշեցնենք, որ
Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ, ազրպէյճանական Զինուժին կողմէ թիրախաւորուած է լրագրողներու խումբը: Հրետակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած են ֆրանսական Le Monde պարբերականի երկու լրագրողները, Հայաստանի «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան աշխատակից Արամ Գրիգորեանը և 24news-ի լրագրող Սեւակ Վարդումեանը: Ռուսական «Дождь» հեռուստաընկերութեան գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ Տմիթրի Ելովսքին այժմ կը գտնուի ռմբապաստարանի մէջ: