Սպիտակ Տան Կայքին Մէջ Առցանց Ստորագրահաւաք Սկսած է ՆԱԹՕ-էն Թուրքիան Հեռացնելու Խնդրագիրով

Աշխարհ, Հայաստան

Սպիտակ տան կայքի We the People բաժինին մէջ սկսած է առցանց ստորագրահաւաք՝ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտելու եւ Թուրքիան ՆԱԹՕ-էն հեռացնելու խնդրագիրով:  

Ըստ Armenpress.am-ի՝ խնդրագիրով կը նշուի, որ Թուրքիան / Ազրպէյճանը իրենց վարձկան ՏԱԱԷՇ ահաբեկիչներուն հետ պատերազմ սկսած են ընդդէմ Հայաստանի եւ Արցախի ՝ հայ ազգը եւ անոր պապենական հողերը ոչնչացնելու համար: Կը նշուի նաեւ, որ դարեր շարունակ Արցախը Հայաստանին եղած է:

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղղուած խնդրագիրով կոչ կ՝ըլլայ.

1.Հեռացնել Թուրքիան ՆԱԹՕ-էն, յայտարարել ահաբեկչութեան հովանաւոր,

2.Արգիլել Թուրքիոյ օգտագործել ՆԱԹՕ-ին պատկանող զէնքերը ՝ ԱԹՍ ռմբակոծիչներ, միջուկային զէնք, F-35 ինքնաթիռներ,

3.Փակել Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ ռազմակայանները,

4.Տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ,

5.Դադրեցնել ռազմական օգնութիւնը Թուրքիոյ, Ազրպէյճանին, աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին,

6.Ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը,

7.Կանգնեցնել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի՝ Հայաստանի դէմ ռազմական յանցագործութիւն կատարելը:

Սպիտակ տան կողմէն խնդրագիրին վերաբերեալ արձագանգ ստանալու համար անհրաժեշտ է 100 հազար առցանց ստորագրութիւն, արդէն ստորագրած են 71,623 անձ, մինչեւ Հոկտեմբեր 28-ը անհրաժեշտ է հաւաքել եւս 28,377 ստորագրութիւն: