ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Գերագոյն Յանձնակատարը Ռազմական Գործողութիւնները Դադրեցնելու Կոչ Ըրած է

Աշխարհ, Հայաստան

ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Միշէլ Պաչելէթին կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ ընթացող ռազմական գործողութիւնները: Ըսհ Armenpress.am-՝ Պաչելէթիի կոչը հրապարակուած է գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի պաշտօնական կայքին մէջ:

«Ես մտահոգուած եմ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ սահմանագիծին երկայնքով ռազմական գործողութիւններուն վերսկսումով եւ կոչ կ՝ընեմ անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները։ Ես խորապէս մտահոգուած եմ քաղաքացիական անձերու զոհուելու եւ վիրաւորուելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական գոյքին եւ ենթակառուցուածքին հասցուած վնասին մասին հաղորդագրութիւններով»,- ըսած է Պաչելէթին:

Ան կոչ ըրած է յարգելու մարդու իրաւունքները եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, մասնաւորապէս ՝ ռազմական գործողութիւններէն դուրս գտնուող քաղաքացիական բնակչութեան եւ մարդոց պաշտպանութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հիմնական ենթակառուցուածքին հասցուող վնասը կանխելու միջոցով: