Խաղաղութեան Հաստատման Գործին Մէջ Թուրքիոյ Ստանձնելիք Դերը Շատ Կարեւոր Է. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը յայտարարութիւն տարածած է Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագիծի ողջ երկայնքով իրադրութեան սրման վերաբերեալ։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է.

«Ցաւալի  է, որ շուրջ երեսուն տարի շարունակուող Ղարաբաղեան խնդիրը Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը չեն կրնար բանակցութեան սեղանի շուրջ լուծել։

Երկիրներու միջեւ զինուած բախումները եւ պատերազմները, կողմերու եւ մարդկութեան համար մեծ աւերածութիւններ եւ կորուստներ կը բերեն։ Պիտի աղօթենք , որ վայրկեան առաջ մեր կրօններու թելադրած խաղաղութիւնը հաստատուի, զէնքերը լռեն, արդար եւ մնայուն համաձայնութիւն ըլլայ։

Անկասկած շատ կարեւոր է Թուրքիոյ ստանձնելիք դերը այս խաղաղութեան հաստատման հարցով։ Կովկասը խաղաղութեան աւազանի վերածելու համար անհրաժեշտ է համապատասխան պետութիւններու եւ ազգերու փոխադարձ նուիրուածութիւնն ու ջանքերը։

Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդները ունին խաղաղ գոյակցութեան երկար դարերու փորձ: Մեր ամենամեծ փափաքն է, որ «եղբայրական ազրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներ» արտայայտութիւնը վերականգնուի այսօրուան սերունդներուն կողմէ:

Յիշեցնելով Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը՝ «Երանի անոնց, որոնք խաղաղութիւն կը հաստատեն, որովհետեւ անոնք պիտի կոչուին Աստուծոյ զաւակներ» կը խրախուսենք անոնց, որոնք կը ջանան խաղաղութիւն հաստատել, աւելցնել իրենց ջանքերը այս ուղղութեամբ։

Կասկած չի կայ, որ իւրաքանչիւր կորսուած կեանք արժէքաւոր է, եւ պատերազմի իւրաքանչիւր օրը անդառնալի կորուստներ եւ չբուժուող վէրքեր կը պատճառէ: Կը հաւատանք, որ անհրաժեշտ է վայրկեան առաջ դադրեցնել հետզհետէ աւելի զօրացող պատերազմը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եւ կրկին հնարաւորութիւն ստեղծել խաղաղութեան հաստատման համար։

Զոհուած զինուորներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն համար հոգիի հանգստութիւն, իսկ մնացածներուն համար Աստուծմէ համբերութիւն կը խնդրենք»։
 

Պատրիարքարանի քարտուղարութիւն