Թուրքիա Պատրաստ է Աջակցելու Ազրպէյճանին Դիւանագիտութեան Մէջ Եւ Մարտի Դաշտին Վրայ․ Չաւուշօղլու

Աշխարհ

Թուրքիան պատրաստ է աջակցելու Ազրպէյճանին ինչպէս դիւանագիտական, այնպէս ալ ռազմական մակարդակով, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, կը փոխանցէ «Փանարմինիըն»:

«Թուրքիա պատրաստ է աջակցելու Ազրպէյճանին ինչպէս բանակցութիւններու սեղանին, այնպէս ալ մարտի դաշտին վրայ»,- յայտարարել է Չաւուշօղլուն` Անգարայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատուն այցելելութեան ժամանակ:

Ան յայտնած է, որ ինք Ազրպէյճանի դեսպանատուն այցելած է «տարածքային ամբողջականութեան համար կռուող Ազրպէյճանին իր աջակցութիւնը յայտնելու համար»:

Չաւուշօղլուի կարծիքով` «Լեռնային Ղարաբաղի հարցի միակ լուծումը հայկական ԶՈՒ-ի հեռացումն է Ազրպէյճանի տարածքէն»: