Թոմ Քաթինա` Արցախին ու Հայաստանին․ Ամուր Մնացէք, Նուպայ Լեռներուն Վրայ Կ՛աղօթենք Ձեզի Համար

Աշխարհ

2017 թուականի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր, ամերիկացի միսիոներ, բժիշկ Թոմ Քաթինա թուիթըրեան իր էջին վրայ աջակցութիւն յայտնած է Արցախին:

«Սիրելի հայ ընկերներ, այստեղ` Նուպա լեռներուն վրայ, մենք կ՛աղօթենք ձեզի համար ու Արցախի մէջ մարտերու խաղաղ լուծման համար: Ամուր մնա` Արցախ ու Հայաստան»,- գրած է ան:

Սուտանի Նուպա լեռներու շրջանը 2011 թուականէն բուռն հակամարտութեան գօտի կը համարուի, Քաթինան 750,000 բնակչութիւն ունեցող այդ շրջանի միակ վիրաբոյժն է: