Քրեմլը Կոչ Կ՛ընէ Երկիրներուն Ղարաբաղի Մէջ Հակամարտութեան Կրակին Իւղ Չլեցնել

Աշխարհ

Քրեմլին վստահ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի համար հակամարտող Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին հնարաւոր ռազմական աջակցութեան մասին յայտարարութիւնները միայն իւղ կը լեցնեն կրակին, եւ կողմերուն պէտք է համոզել վերադառնալ կարգաւորման քաղաքական-դիւանագիտական միջոցին: Երեքշաբթի լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տիմիթրի Փեսքով, կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը:

«Քրեմլինի մէջ, առաջին հերթին, կը մեկնին շուտափոյթ հրադադարի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման անհրաժեշտութենէն: Որեւէ ռազմական աջակցութեան կամ ռազմական գործունէութեան մասին երեւէ յայտարարութիւն միանշանակ իւղ կը լեցնէ կրակին: Մենք կտրականապէս դէմ ենք ատոր եւ համաձայն չենք հարցի նման ձեւակերպման հետ»,- ընդգծած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը:

«Մենք կոչ կ՛ընենք բոլոր երկիրներուն, յատկապէս մեր գործընկերներուն, ինչպիսին է Թուրքիան, ամէն ինչ ընել, որպէսզի հակառակորդ կողմերը համոզեն դադրեցնելու կրակը եւ վերադառնալու այս երկարատեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով»,- ըսած է Փեսքով:

Անոր խօսքով, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը իր ղրղզ գործընկեր Սոորոնպայ Ժէենպեքովի հետ չէ քննարկած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան միջոցով Հայաստանին օգնութեան թեման: Ղրղզստանի ղեկավարը Երկուշաբթի աշխատանքային այցով մեկնած էր Ռուսաստան: «Ոչ: Երէկ խօսքը եղած է ռուս-ղրղզական երկկողմ յարաբերութիւններու մասին: Քննարկուած է համագործակցութեան հարցերու շատ լայն շրջանակ: Քննարկուած են նաեւ ԵԱՏՄ միջոցով համարկման արդիական հարցեր: Ձեր հարցի թեման առարկայական չէ քննարկուած»,- ըսած է ան` պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Ռուսիան եւ Ղրղզստանի նախագահները Երկուշաբթի քննարկած են ՀԱՊԿ-ի միջոցով Հայաստանին օգնութիւնը, կը հաղորդէ «ՌԻԱՅ Նովոսթին»: