Ազրպէյճան Լայնածաւալ Յարձակում Կը Գործէ Արցախի Ուղղութեամբ

Հայաստան

Արցախի սահմանի ողջ երկայնքով Սեպտեմբեր 27-ի վաղ առաւօտեան Ազրպէյճան բուռն հրետակոծութիւն սկսած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան:
«Այսօր վաղ առաւօտեան, շփման գիծի ողջ երկայնքով թշնամին բուռն հերտակոծութիւն սկսած է: Կը Հրետակոծուին նաեւ խաղաղ բնակավայրերը, ինրպէս նաեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Բնակչութեան կոչ կ՛ընենք պատսպարուելու:
Միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարենք, որ մեր պատասխանը պիտի ըլլայ համաչափ, եւ իրավիճակի ողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազևպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւ անձամբ Իլհամ Ալիեւը»,- նշած է Պօղոսեան:

Ազրպէյճանական զօրքերու` քանի մը ուղղութեամբ յարձակումները ետ մղուած են: Այս մասին ն «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Ինչպէս նշած է ՊԲ հրամանատար, զօրավար Ջալալ Յարութիւնեան, ազրպէյճանական զօրքերը ժամը 07:10-ին յարձակման անցած են շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ: Ազրպէյճանական զօրքերու` մի քանի ուղղութեամբ յարձակումները ետ մղուած են: Հակառակորդը կրած է մարդկային եւ տեխնիկայի կորուստներ, մասնաւորապէս` երեք հրասայլ: Մարտերը կը շարունակուին»:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Արցախի մէջ ընթացող մարտերու ժամանակ հայկական կողմը խոցած է հակառակորդի երկու ուղղաթիռ եւ երեք անօդաչու թռչող սարք: