Այսօր Երեկոյեան Սկիզբ Կ՝առնէ «Արմենիա» Միջազգային Փառատօնը

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Սեպտեմբեր 24-ին, Երեւանի մէջ սկիզբ կ՝առնէ «Արմենիա» միջազգային երաժշտական փառատօնը, որ կը շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 28: Փառատօնը կ՝իրականացուի ուղիղ հեռարձակումով՝ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, ժամը 19:30-ին:

Այս տարի փառատօնի օրերուն հանդիսատեսին համար պիտի հնչեն Պիոտր Չայքովսքիի, Ալեքսէյ Շորի, Փապլօ Սարասատէի, Էռնեսթ Շոսոնի անմահ ստեղծագործութիւնները: Ելոյթով հանդէս պիտի գայ նաեւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը:

«Արմենիա» միջազգային փառատօնը հիմնադրուած է 2017-ին՝ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի եւ Մշակոյթի աջակցութեան եւրոպական հիմնադրամի նախագահ Կոնստանթին Իշխանովի նախաձեռնութեամբ: Փառատօնին ծիրէն ներս հայ հանդիսատեսը հնարաւորութիւն կ՝ունենայ ունկնդրելու համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող մեծանուն երաժիշտներու կատարումները, որոնց համերգներուն յաճախելը աշխարհի հեղինակաւոր դահլիճներուն մէջ բոլոր երաժշտասէրներուն չէ, որ հասանելի է: Փառատօնը լայն հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ նորայայտ երիտասարդ երաժիշտներուն՝ ելոյթ ունենալու անուանի երաժիշտներու կողքին:

Ծրագրին կարող եք ծանոթանալ այստեղ:

Համերգներուն ընթացքին խստօրէն պիտի պահպանուին հակահամաճարակային բոլոր կանոնները։