«Ալագեազ» Զօրավարժարանին Մէջ Սկսած է «Կովկաս-2020» Զօրավարժութեան Կրակային Փուլը

Այլեւայլ, Հայաստան

«Ալագեազ» զօրավարժարանին մէջ սկսած է «Կովկաս-2020» ռազմավարական հրամանատարաշտաբային զօրավարժութեան կրակային փուլը՝ Հարաւային ռազմական բաժանմունլի եւ ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումներու ներգրաւմամբ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

Գործնական վարժանքներուն կը մասնակցին հրաձգային, հրետանային, հրասայլային, թռիչքային եւ հակաօդային պաշտպանութեան ուժեր եւ միջոցներ զօրքերու միացեալ խումբի հրամանատար, զօրավար-փոխգնդապետ Տիգրան Փարւանեանի գլխաւորութեամբ։

Զօրավարժութիւններուն ընթացքին կը խաղարկուին պաշտպանութեան եւ հակայարձակման տարրեր, կը կատարելագործուի ստորաբաժանումներուն ղեկավարումը համատեղ խնդիրներու կատարման ժամանակ, կը յստականայ փոխգործակցութիւնը ռազմական անվտանգութեան ապահովման առումով:

Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի մէջ «Կովկաս -2020» զօրավարժութիւններուն ներգրաւուած է աւելի քան 1․5 հազար մարդ եւ շուրջ 300 միաւոր ռազմական սարք։