Ուքրանիոյ Պոլտաւա Քաղաքին Մէջ Հայերը Ծածանած Են Հայաստանի 30-մեթրանոց Դրօշը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ուքրանական Պոլտաւա քաղաքի «Բոպետա» մշակոյթի եւ հանգիստի քաղաքային զբօսայգիին մէջ «Ուրարտու» հայկական հասարակական կազմակերպութիւնը իրականացուցած է տօնական ձեռնարկ՝ նուիրուած Հայաստանի Անկախութեան օրուան:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ AnalitikaUA-ն յայտնած է, որ ձեռնարկին մասնակցած է մարզային պետական վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Եկատերինա Ռիժեչենգոն:

«Մենք յարգանքով կը վերաբերինք հայ ժողովուրդի սովորոյթներուն եւ տօներուն: Բարեկամական կապեր կը պահպանենք հայկական սփիւռքի հետ: Հայ ժողովուրդը փոխօգնութեան, միասնութեան, համերաշխութեան, իր աւանդոյթներուն նկատմամբ յարգանքի օրինակ է: Ոմանց համար Ուքրանիան արդէն Հայրենիք դարձած է: Շնորհակալութիւն իւրաքանչիւրին` Պոլտաւայի շրջանի զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրման, աշխոյժ դիրքորոշման համար: Շրջանային պետական վարչակազմի եւ շրջանի ղեկավարի անունով մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ ձեր նախաձեռնութիւններուն ցանկացած ոլորտի մէջ եւ համագործակցիլ ձեր հետ»,- ըսած է Եկատերինա Ռիժեչենգոն:

«Ուրարտու» տարածաշրջանային հայկական համայնքի նախագահ Կենատի Աղաճանեան նշած է, որ, ամէն տարի հայկական սփիւռքը տարբեր կերպ կը նշէ այս օրը:

«Իւրաքանչիւրը կրնայ գալ մեր տօնին: Այսօր մեր հիւրերը վրացական, չեչենական, գերմանական, հրէական եւ պուլկարական համայնքներն են: Ժամանած են մեր կազմակերպութեան մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները Չուտովոյէն, Պիրիատինէն եւ տարածաշրջանի այլ շրջաններէ, ինչպէս նաեւ հիւրեր Խարկովէն»,- նշած է Կենատի Աղաճանեան: Ձեռնարկներուն մասնակցած է Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեան:

Ուքրանիոյ հայերու միութիւնը` նախագահ Վիլէն Շատւորեանի գլխաւորութեամբ, շնորհաւորած է բոլորը տօնին առթիւ: «Հայաստանի Անկախութեան օրը ամենակարեւոր պետական տօնն է ինծի համար եւ Սփիւռքի շատ հայերու համար: Այս օրը ես կ՝ուզեմ մաղթել իմ երկրին բարգաւաճում եւ խաղաղ երկինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ուրախանայ Հայաստանի յաղթանակներով եւ թոյլ չի տայ պարտութիւն: Հակառակ այն հանգամանքին, որ մենք կ՝ապրինք մեր պատմական հայրենիքէն հեռու, մեզմէ շատերը չեն մոռնար մեր արմատները եւ կ՝աշխատին յանուն Հայաստանի եւ համայն հայութեան»,- նշած է Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահը:

Հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչները բացած էին Հայաստանի Հանրապետութեան 30-մեթրանոց դրօշը: Ձեռնարկի մասնակիցները տօնական երթով շրջած են այգիին մէջ: Հանդիսատեսի համար համերգային ծրագիրը նախապատրաստած էր «Պոլտաւա» երգի-պարի խումբը:

Հայկական համայնքները եւ հայ երիտասարդական կազմակերպութիւնները Ուքրանիոյ մարզերուն մէջ եւս իրականացուցած են ձեռնարկներ` նուիրուած Հայաստանի Անկախութեան օրուան: