«Ճակատագրի Սեւ Կատուն». Սուրիահայ Գրող Յակոբ Միքայէլեան Երեւանի Մէջ Ներկայացուց Իր Նոր Գիրքը

Հայաստան, Սփիւռք

Սուրիահայ գրող Յակոբ Միքայէլեան, որ արդէն իսկ Հայաստան կը բնակի, իր ընթերցողներուն դատին յանձնեց «Ճակատագրի Սեւ Կատուն» վիպակը:

Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ  Հայաստանի գրողներու միութեան մէջ։

«Ուրախ եմ, որ կարդացի այս գիրքը, ուր արտայայտուած է հեղինակի ջանքն ու տաղանդը: Գիրքին մէջ ներառուած են գործեր, որոնք զիս շատ տպաւորած են, ուր ներկայացուած են Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ներքին անցուդարձը», նշեց Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան եւ աւելցուց, որ, ընթերցելով առաջին գործը, որ սիրային է, չես կրնար ենթադրել, թէ ի՛նչ կը սպասէ քեզի։

Միլիտոնեան պատմեց, որ Միքայէլեանին ծանօթացած է Սուրիա այցելութեան ընթացքին, երբ հիւրընկալուած էր այն դպրոցին մէջ, որուն տնօրէնն է ան։  «Մենք այնտեղ հանդիպեցանք ու պիտի նշեմ, որ շատ լաւ դպրոց էր: Կը կարծեմ` Միքայէլեան Սուրիոյ մէջ մեծ գործ ըրած է», եզրափակեց ան:

Յակոբ Միքայէլեան խոստովանեցաւ, որ ասիկա վէպ կամ վիպակ գրելու իր առաջին փորձն է: «Այս վիպակը կազմուած է քանի մը պատմուածքներէ: Անոնք հրապարակուած են տարբեր թերթերու մէջ: Գիրքին վրայ աշխատած եմ վեց ամիս: Յաճախ կը հեռաձայնէի դստերս՝ անոր հետ գիրքին կառոյցին վերաբերեալ քննարկումներ ունենալու համար»,- ըսաւ Միքայէլեան` աւելցնելով, որ ինք չէ հետեւած աւանդական վէպի օրէնքներուն: