ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Երթը՝ «Յանուն Ազգային Եւ Յառաջադէմ Կրթութեան» Կարգախօսով

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը (ՀԵՄ) Սեպտեմբեր
16 -ին, «Յանուն ազգային եւ յառաջադէմ կրթութեան» կարգախօսով երթ կազմակերպեց:

Երթը սկսաւ Մատենադարանի յարակից տարածքէն եւ անցաւ Մաշտոցի պողոտայով, Ամիրեան փողոցով ու վերջ գտաւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան շէնքին դիմաց։

Երթին մասնակցողները՝ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ տիրող քաոսին, բարեփոխումներու անուան տակ վարուող ապազգային քաղաքականութեան համար պահանջեցին Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը։

«Ասիկա սկզբունքներու պայքար է, ասիկա ապագայի եւ անցեալի պայքար է եւ մենք բնականաբար պէտք է հասցնենք տրամաբանական աւարտին»,- յայտարարեց ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան, երթին մեկնարկէն առաջ։

Ան նշեց, որ այստեղ շատ կարեւոր է պարզապէս, որ հանրութիւնը բարձրացնէ իր ձայնը։