Անգարայի Հայկական Գերեզմանոցը Աւերուած

Աշխարհ, Էրկիր


Աւելի քան տաս օրէ ի վեր կը նշուի, թէ Թուրքիոյ Մայրաքաղաքի Սինճան շրջանի Եէնիքենթ թաղամասի «Զիր հովիտ» կոչուող վայրին մէջ գտնուող նախկին հայաբնակ յայտնի Սթանոզ գիւղի գերեզմանատունը, անգամ մը եւս աւերուած է գանձագողերու կողմէն։


Անգարայի կեդրոնէն 30 քլմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող գերեզմանատան տարածքը, պետութեան կողմէ պահպանուող տարածք յայտարարուած է։
Տարիներ առաջ՝ գերեզմանոցին տարածքը պահպանելու նպատակով՝ Սինճանի քաղաքապետարանին կողմէ իրականացուած փշալարերն ալ հանած են հովիտին մէջ կառուցուած առանձնատուներուն տէրերը։


Ընկերային ցանցերու մէջ բազմիցս տարածուած է քարուքանդ եղած գերեզմաններու նկարները, դէպքերուն մասին գրուած է լրատուամիջոցներու մէջ, սակայն ոչինչ ձեռնարկուած է զանոնք պահպանելու ուղղութեամբ։ Իբրեւ արդիւնք՝ այնտեղ մնացած է ընդամէնը քանի մը գերեզմանաքար՝ հայկական գրութիւններով ու խաչերու քանդակներով։ Այս հարցին վերաբերեալ «Մեզոփոթամիա» գործակալութիւնը զրուցած է Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական» կուսակցութեան (HDP) Ժողովուրդներու եւ կրօններու յանձնաժողովի անդամ՝ հայ Մուրատ Մըհչըի հետ, որ յայտնած է․- «Բնական է, որ ամէն տեղ հայկական գերեզմանոց կայ, սակայն կը տեսնենք, որ Թուրքիոյ բազմաթիւ վայրերու մէջ հայերու գերեզմանները այնպէս կողոպտած ու աւերած են, կարծես թէ այդ տեղերը գերեզմանոց չէ ալ եղած ու հայեր ալ չեն ապրած»։