Մոնթրէալի Մէջ Բացուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի Յուշարձանը

Սփիւռք

Սեպտեմբեր 5-ին Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանի բացումը: Յուշարձանի քանդակագործը Մկրտիչ Տարաքճեանն է: Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը։

Հայ ժողովրդական երգի հայրը` Կոմիտասը, ֆիզիկապէս վերապրեցաւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց  հոգեբանական ցաւին չդիմացաւ:

Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ` 1915 թուականի Ապրիլին, շատ այլ հայ մտաւորականներու հետ միասին օսմանեան կառավարութեան կողմէ Կոմիտաս ձերբակալեցաւ եւ աքսորուեցաւ: Ան ազատուեցաւ, բայց հոգեկան շատ մեծ ցնցում ստացաւ։ Մինչեւ 1919 թուականը անոր կը մնայ թրքական ռազմական հիւանդանոց եւ ապա կը տեղափոխուի Փարիզի հոգեբուժարաններ, ուր տառապանքներու մէջ կ՛անցնէ իր կեանքին վերջին տարիները:

Կոմիտաս կ՛ընկալուի որպէս ցեղասպանութեան զոհ եւ արուեստի մէջ կը պատկերուի որպէս ցեղասպանութեան հիմնական խորհրդանիշներէն մէկը: