Դիլիջանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Խաղաղութեան Մարտիկ» Մրցումի Բացման Արարողութիւնը

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան` Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքին մէջ գտնուող Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի մարզահրապարակին վրայ «Միջազգային բանակային խաղեր-2020» միջոցառումներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցումի բացման արարողութիւնը: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ զինուորներու արհեստավարժական վարպետութեան մրցոյթին կը մասնակցին Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Յունաստանի եւ Ռուսիոյ խումբերը: Իւրաքանչիւր խումբ բաղկացած է 4 զինուորներէ, որոնց մէջ՝ մէկ կին:

Հայաստանի զինուած ուժերու բարոյահոգեբանական ապահովման վարչութեան պետ Արթուր Պօղոսեան շնորհաւորեց բոլոր զինուորները եւ ըսաւ, որ այդ մրցումները մեծ ներդրում պիտի ըլլան մասնակից երկիրներուն միջեւ ռազմական համագործակցութեան զարգացման գործընթացին մէջ։

Հայաստանի բանակի ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեան ողջունեց մասնակիցները եւ պարզաբանեց, որ տուեալ միջոցառումը կը կայանայ ամէն տարի` սկսած 2009 թուականէն:

0825Tilijan1

Ան ընդգծեց, որ «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցումը պիտի դառնայ քաջութեան, խիզախութեան եւ մարտական եղբայրութեան տօն՝ բոլորին բոլորին մաղթելով նորանոր բարձր արդիւնքներ եւ ձեռքբերումներ:

Մրցութային ծրագիրը պիտի տեւէ 10 օր եւ ներառէ ռազմամարզական «աթլեթ», կրակային պատրաստութեան «Դիպուկահար», արհեստագիտական, «Դանակի եւ նռնակի նետում», ինչպէս նաեւ գրական-գեղարուեստական եւ պարային-երաժշտական «Մշակութային» մրցաձեւերը: