Պռոշեանի Պանթիոնին Մէջ Նշեցին Ազատամարտիկ Հրաչ Մուրատեանի Ծննդեան Տարեդարձը

Հայաստան

Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի ընդունման օրը` Օգոստոս 23-ին, ազատամարտիկ, Պռոշեանի կամաւորական ջոկատի հիմնադիրներէն, նոյն գիւղի երկարամեայ ղեկավար, «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանանշանակիր, ՀՅԴ անդամ Հրաչ Մուրատեանի ծննդեան օրն է նաեւ: Ան այդ օրը կը դառնար 57 տարեկան: 2013-ին զազրելի ոճրագործութենէն ետք` զաւակները, ընտանիքի անդամները, հարազատները, մարտական-կուսակցական ընկերներն ու համագիւղացիները հերոս հայորդիին ծննդեան տարեդարձը արդէն 7-րդ անգամ նշեցին Պռոշեանի Ազատամարտի պանթէոնին մէջ:  

Բացի ՀՅԴ Պռոշեանի Կոմիտէութեան անդամներէն, նուիրեալ դաշնակականի ամեակին առիթով պանթէոն այցելած էին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբի պատասխանատու Արտաշէս Մխիթարեան եւ այլք:

ՀՅԴ Պռոշեանի կոմիտէութեան անդամ, ՀՅԴ Պռոշեանի «Դրօ Կանայան» կեդրոնի կազմակերպչական պատասխանատու Վարդան Առուշանեան Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին փաստեց, որ ինչպէս «Դրօ Կանայան» կեդրոնին մէջ, այնպէս ալ գիւղի այլ հաստատութիւններու մէջ նախաձեռնուող բազմաթիւ միջոցառումներու շնորհիւ նորօրեայ սերունդին մէջ մշտապէս վառ կը պահեն Պռոշեան գիւղի հերոսներու, անոնց շարքին նաեւ Հրաչ Մուրատեանի մշտավառ յիշատակը:

Յիշեցնենք` 2013-ի Ապրիլ 2-ին, օրը ցերեկով, անհասկանալի ու տարօրինակ պայմաններու մէջ իր հայրենի գիւղի աշխատավայրի առջեւ սպանուեցաւ Պռոշեանի գիւղապետ, Արցախեան գոյապայքարի ողջ ընթացքին կեանքը հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրած ազատամարտիկ Հրաչ Մուրադեան: Մինչ օրս նողկալի ոճրագործութիւնը բացայայտուած չէ, եւ ոչ ոք ատոր համար առայժմ չէ պատժուած:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան սոյն թուականի Ապրիլ 2-ին, ազատամարտիկի սպանութեան տարելիցին օրը նշած էր, որ մէկ տարի առաջ նոյն օրը Գլխաւոր դատախազութեան շէնքին դիմաց կազմակերպուած բողոքի ցոյցէն եւ ՀՀ գլխաւոր դատախազին հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք գործի քննութիւնը, որ մինչ այդ կասեցուած էր, վերսկսաւ:

«Անցած է մէկ տարի, եւ մենք կրնանք ցաւով արձանագրել, որ էական յառաջընթաց չկայ: Մենք անցնող մէկ տարուան ընթացքին շուրջ չորս անգամ հանդիպած ենք հանրապետութեան գլխաւոր դատախազին հետ, մօտիկէն ծանօթացած գործի քննութեան ընթացքին, տեղեկացած այն քայլերուն մասին, որոնք կ՛իրականացուին գործը բացայայտելու ուղղութեամբ: Այդուհանդերձ, նորէն կը կրկնեն, Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան հերթական տարելիցի այս օրը ցաւով պիտի արձանագրենք, որ ցանկալի տեղաշարժեր դեռեւս չկան»,- ըսած էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

Վ. Սարգսեան