Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Գնահատեց Մամուլի Գործիչներուն Համախումբ Աշխատանքը

Սփիւռք

Ուրբաթ առաւօտ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Միջինարեւելեան տարածաշրջանի առցանց առաջին ժողովին մասնակցած խմբագիրներու այցելութիւնը:

Այցելութեան նպատակն էր վեհափառը իրազեկ դարձնել ժողովին արծարծուած միտքերուն ու առաջարկներուն եւ զեկուցել հետագայ աշխատանքներուն մասին:

Խմբագիրները զեկուցեցին, որ Անթիլիասի մէջ կայացած մամլոյ համահայկական համագումարէն ետք, համակարգող խորհուրդը թէ՛ լիագումար եւ թէ՛ առցանց նիստերով կ՛աշխատի իրականացնել համախմբումի տարբեր ձեւաչափերով նիստեր եւ քննարկումներ:

Այդ ծրագիրներէն բխած եւ ներկայ պայմանները նկատի ունենալով որոշուած էր գումարել տարածաշրջանային առցանց նիստեր, որոնցմէ առաջինը միջինարեւելեան մակարդակով տեղի ունեցած է արդէն:

Շուտով կը կայանայ նաեւ Եւրոպայի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու նիստը: Այս բոլոր աշխատանքներուն նպատակը լրագրողական ցանցը աշխուժ պահելն է եւ համախմբուածութեան կանոնաւոր կշռոյթներ ապահովելը:

Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց մամլոյ ոլորտին մէջ տարուող աշխատանքները, որոնք հետեւողականութիւն կը ցուցաբերեն եւ կ՛աշխատին միշտ արծարծ պահել անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցող հայ մամուլի առաքելութիւնը:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, կարեւոր նկատելով մամուլը համախմբելու եւ կառուցակարգուած ձեւով աշխատելու իրողութիւնը, յայտնեց, որ պետութիւնը միշտ պատրաստ է սատար կանգնելու հայրենիք-սփիւռք ուղղութեան վրայ մամուլը ներկայացնող գործիչներու համախումբ աշխատանքներուն:

Խմբագիրները անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին վեհափառ հայրապետին իր ցուցաբերած նիւթաբարոյական աջակցութեան` մամուլի պահպանման ու զարգացման եւ առաքելութեան անշեղ երթին համար: