«Հայութիւնը` Լիբանանի Կողքին» Համահայկական Բարեգործական Համերգային Ծրագիր

Սփիւռք

Հայ օգնութեան միութեան նախաձեռնութեամբ, «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի ուղիղ սփռումով Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2020-ին  տեղի ունեցած է «Հայութիւնը` Լիբանանի կողքին» համահայկական բարեգործական համերգային ծրագիրը, որուն ամբողջ հասոյթը պիտի ուղղուի Լիբանանի հայ համայնքի օժանդակութեան:

Առցանց համերգին իրենց ստեղծագործութիւններով մասնակցած են խումբ մը արուեստագէտներ:

Հայ օգնութեան միութեան կազմակերպած առցանց բարեգործական համերգի աւարտին յայտարարուեցաւ, որ հանգանակուած է 600.000 ամ. տոլար: