Լիբանանահայութեան Զօրակցելու Նպատակով Նուիրահաւաք՝ Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի Մէջ

Սփիւռք

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մարդկային եւ նիւթական զգալի կորուստներ կրած լիբանանահայութեան զօրակցելու նպատակով՝ Նոր Ջուղայի Հայ Դատի յանձնախումբը կեանքի կոչած է «Լիբանանահայութեան օժանդակութեան յանձնախումբ»՝ Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի մէջ նուիրահաւաք կազմակերպելու համար։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ալիք»-էն։

Յանձնախումբերու կազմերուն մէջ ընդգրկուած են Նոր Ջուղայի ու Շահինշահրի միութիւններէն մէկական ներկայացուցիչներ եւ համայնքի այլ անհատներ։

Նուիրահաւաքին մեկնարկը տրուած է Օգոստոս 17-ի երեկոյեան։

Առաջին օրուան ընթացքին, յանձնախումբի աշխատանքին ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ նուիրատւութիւն կատարելու համար՝ Նոր Ջուղայի նուիրահաւաքի կեդրոն այցելած են Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սիփան եպս. Քէչէճեանն ու շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները։

Նոյն օրը իրենց նուիրատւութիւնները կատարած են նաեւ միութիւններն ու ժողովուրդը։

Նուիրահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ Շաբաթ՝ Օգոստոս 22, Նոր Ջուղայի մէջ հայոց ազգ. կրթահամալիրի շրջափակէն ներս, իսկ Շահինշահրի մէջ՝ «Սրբոց Վարդանանց» դպրոցին ու Ն. Ջ. Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ։