Կառավարութեան Հրաժարականէն Ետք Մուտք Գործած Ենք Մութ Փապուղիի Մը Մէջ. Յ. Բագրատունի

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Սաութ քըլ Լըպնան» ռատիոկայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականէն ետք մուտք գործած ենք մութ փապուղիի մը մէջ:

«Նկատի ունենալով կառավարութիւններ կազմելու նախկին փորձառութիւնները, կը նախատեսենք, որ կառավարութեան կազմութիւնը այդքան ալ արագ կարելի չըլլայ կատարել», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականը նոր փուլի շրջագիծին մէջ պէտք է դիտել` նկատի ունենալով, որ անիկա պատահեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած աղէտէն ետք, յատկապէս ի մտի ունենալով, որ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը իր կազմութեան օրէն սկսեալ քաղաքական ամբողջական զօրակցութեան չէ արժանացած:

Կառավարութեան կազմութեան առումով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք արտաքին նախաձեռնութիւններուն չի վստահիր, որովհետեւ անոնք նկատի չեն ունենար լիբանանեան ներքին բարդութիւնները:

Վարչապետի հաւանական թեկնածուի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքական ուժերուն մօտ տակաւին յստակ անուն մը չկայ` աւելցնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր կարգին տակաւին յստակ պատկերացում չունի, թէ ո՛վ է այն սիւննի անձնաւորութիւնը, որ պատրաստ է կազմելու երկրին նոր կառավարութիւնը:

Յ. Բագրատունի անհաւանական նկատեց Սաատ Հարիրիի կողմէ դարձեալ վարչապետի պաշտօնի ստանձնումը: «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին մենք Հարիրիի մօտ կը գտնուէինք եւ ան յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու նպատակ չունի, որովհետեւ Լիբանանին ներկայացնելիք նորութիւն մը չունի», հաստատեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նաւահանգիստի պայթումը ի՞նչ վնասներ պատճառած է Պուրճ Համուտի եւ Մտաուարի շրջաններուն, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անպաշտօն կերպով վնասներու գնահատում կատարուած է` շրջանի հեղինակութիւններէն: «Պարզուած է, որ քանդումը հսկայական է, ինչպէս նաեւ կան շէնքեր, որոնք բնակիչներուն կեանքին վտանգ կը սպառնան, որովհետեւ փուլ գալու ենթակայ են», եզրափակեց ան: