Օտարերկրացիները Կրնան ՀՀ Գալ, Հաւաքներու Արգելքը Կը Վերացուի. Սահմանափակումները Կը Մեղմացուին

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութեան ժամկէտը կ՝երկարաձգուի 5-րդ անգամ, սակայն շարք մը մեղմացումներով: ՀՀ կառավարութեան արտահերթ նիստին, Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան ներկայացուց արտակարգ դրութիւնը երկարաձգելու վերաբերեալ որոշման փոփոխութիւնները: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։

Նախ կը վերացուի ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող անձերուն ՀՀ մուտքի արգելքը: «Միաժամանակ կը նախատեսուի, որ ՀՀ մուտք գործելու պահուն, եթէ անձին նկատմամբ չի կիրառուիր հիւանդանոց տեղափոխում, ուստի վերջինս 14 օրով կ՝ինքնամեկուսացուի, սակայն մէկ նորամուծութիւն կայ, որ 14 օրուան ընթացքին հնարաւոր է իրականացնել համապատասխան փորձառկում (test) եւ բացասական ըլլալու պարագային ինքնամեկուսացման եղանակը կը փոխուի»,- ըսած է Ռուստամ Բադասեան:

Կը վերացուի ՀՀ ամբողջ տարածքին հաւաքներու եւ գործադուլներու արգելքը, որ կը փոխարինուի արտօնութեամբ, սական որոշակի կանոններու պահպանման պայմաններով: Մասնաւորապէս, անհրաժեշտ է պարետի սահմանուած կարգով եւ պահանջներուն համապատասխան դիմակի կրումը եւ հեռաւորութեան պահպանումը անձերու միջեւ՝ առնուազն 1,5 մեթր: Կը մեղմացուին ընտանեկան արարողութիւններու եւ ժամանցային բնոյթի ձեռնարկներ կազմակերպելու, իրականացնելու կամ անոնց մասնակցելու սահմափակումները՝ արտօնելով անոնց կազմակերպումը, իրականացումը եւ մասնակցութիւնը թէ՛ բաց, թէ՛ փակ տարածքներու մէջ, բայց ոչ աւելի քան 40 մասնակիցով եւ պահպանելով պարետի կողմէն սահմանուած անվտանգութեան կանոնները:

Վերացուած է մաքսային սահմանով ապրանքներու փոխադրման սահամանափակումներ կիրառելու հնարաւորութիւնը, վարակակիրներու յայտնաբերման եւ ինքնամեկուսացման նպատակով ելեկտրոնային հսկողութեան կարգով հստակացուած է միայն վարակակիրներու հետ շփուողներու եւ ինքնամեկուսացուած անձերու մասով համապատասխան տուեալներ ստանալու հնարաւորութիւնը՝ ոչ աւելի քան 14 օրեայ ժամկէտի կտրուածքով:   

Հայաստանի մէջ 2020 Մարտ 16-ին յայտարարուած եւ քանի մը անգամ երկարաձգուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը երկարաձգուեցաւ եւս մէկ ամիսով` մինչեւ Սեպտեմբեր 11` ժամը 17։00: