Ահա թէ Ինչպէ՞ս Գամիշլիի Մէջ Կը Կանխուի Համաճարակին Տարածումը

Uncategorized

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը երէկ «Սուրիահայութիւնն Ալ Անյապաղ Աջակցութեան Կարիք Ունի…. Մարդկային Ձայներ Պէտք է Հնչեն» հրապարակումով ահազանգեց սուրիահայութեան օգնութեան ձեռք մեկնելու մասին։

Այսօր, դարձեալ կապ հաստատելով Գամիշլիի հայ համայնքի հետ, տեղեկացանք, որ Օգոստոս 1-էն ի վեր, Գամիշլիի մէջ հաստատուած արտակարգ դրութեան շնորհիւ,  համավարակին տարածումը կը կանխուի։ Համայնքի զաւակներէն շատեր ունեցած են ջերմութիւն եւ պսակաձեւ ժահրին բնորոշ այլ ախտանիշեր, սակայն, պարտադրուած սահմանափակումները, որոնք կ’ենթադրեն՝ միայն սնունդի կէտերու եւ բուժման հետ կապուած կառոյցներու բաց ըլլալը, արդէն իրենց օգուտը տուած են, եւ շատեր այսօր աւելի լաւ են։

Ինչո՞ւ միայն Գամիշլիի մէջ կը պահպանուին այդ խիստ կանոնները

Գամիշլին Սուրիոյ այն շրջանն է, ուր Սուրիոյ իշխանութեան զուգահեռ այնտեղ կ’իշխեն նաեւ քիւրտերը։ Վերջիններս խիստ միջոցներ ձեռնարկած են Գամիշլիի բնակիչները մինչեւ Օգոստոս 20 պարտադրաբար տուներէն ներս պահելու եւ ամէնօրեայ ստուգումներ կը կատարեն իրենց որոշումը կատարեալ կերպով իրականացնելու համար, իսկ Սուրիոյ իշխանութեան կողմէ որեւէ սահմանափակում չկայ։

Բայց, դժբախտաբար, տնտեսական ճգնաժամը Գամիշլիի մէջ նոյնպէս անմխիթար է․ սնունդի եւ դեղորայքի առկայութիւնը դեռ չի նշանակեր, որ անիկա հասանելի է համատարած աղքատութիւն ապրող ժողովուրդին, դեղերն ու սնունդը իրենց ստացած եկամուտներուն հետ անհասանելի ըլլալու չափ անհամեմատելի են։

Մէկ անգամ եւս կոչ կ’ուղղենք համապատասխան մարմիններուն եւ կառոյցներուն, որ միջոցներ ձեռնարկեն Սուրիահայութեան աջակցելու համար։