«Ես ո՞վ եմ». Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020։

Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը ցնցեց քաղաքը։ Եթէ Քուէյթ նստած հեռատեսիլի եւ ընկերային տեղեկատուութեան ցանցերու միջոցաւ սկսայ հետեւիլ, բայց առանց կարենալ  արձունքներս զսպելու։ Ինչպէս որ քուէյթեան տեղական թերթերէն մին սահմանեց Պէյրութի այս պայթում-աղէտը որպէս, «Պէյրութոշիմա»։

Իսկ պայթումին պատճառնե՞րը։

Բացայայտուեցաւ որ բաւական տարիներէ ի վեր Պէյրութի նաւահանգիստի շտեմարաններէն մէկուն մէջ մեծ քանակութեամբ քիմիական պայթուցիկ եւ թունաւոր բաղադրութիւններ պահ դրուած են։ Չուշանար շարունակուող քաշքշուքը, թէ այս վտանգաւոր նիւթերու եւ անոնց պահեստի կարգադրութիւնները արդիօք եղած են պետական կամ զինուորական արտօնութեամբ ու տակաւին այլ կարգադրութիւններով։ Բայց այն ինչ որ յստակ է այդ է, թէ բոլոր վտանգաւոր բաղադրութիւնները պահ դրուած են նաւահանգիստի մը մէջ որ մայրաքաղաքի կեդրոնական շրջանի մէջ է՝ շրջապատուած բազմաթիւ բնակելի թաղամասերով։

Պէյրութի փողոցները վարկեանի մը մէջ սկսան քանդուիլ մէկը միւսին ետեւէն։ Մէկ կողմէ սկսան յայտարարուիլ մահացած անհատներու թիւերը, միւս կողմէ վիրաւորները։ Ու տակաւին անոնք որոնք կորսուած են։

Չուշացաւ հայկական գաղութի մարդկային թէ կալուածային վնասները՝ Պուրճ Համուտի եւ Նոր Հաճընի մէջ ու տակաւին։ Մինչեւ օրս ունինք տասնըմէկ մահ, բայց աւելի քան երկու հարիւր եւ յիսուն վիրաւոր, նաեւ եկեղեցական, կրթական, կուսակցական, միութենական, բարեսիրական կեդրոններու կրած ահաւոր քանդումները։ Լիբանանցիներու հոգեկան բարդ իրավիճակին վրայ այս պայթումը եկաւ աւելիով բարդացնելու նոյնինքն Լիբանանցիին տագնապալի ներաշխարհը։    

Զգացի բայց նաեւ հասկցայ, թէ արցունքներուս ետին կար իրականութիւն մը, որ կարելի չէր թագցնել։ Հասկցայ թէ աշխարհագրական հեռաւորութիւնը ջերմութիւնս եւ սէրս Լիբանանի նկատմամբ չէ պակսեցուցած։ Լիբանան ծնած եմ եւ Պէյրութը տունս է։ Ճիշդ է, որ շատ կը ճամբորդեմ եւ յաճախ աշխարհագրականօրէն հեռու կը մնամ Լիբանանէն, բայց միշտ կար ու կը մնայ տուն վերադառնալու գրաւականը։

Լիբանանի քաղաքական, ապահովական, տնտեսական թէ ընկերային փորձաքարերը եւ անոնց պատճառած բազմաթիւ ելեւէջները ու փոթորկոտ իրավիճակները անպակաս չմնացին իր պատմութեան վերջին քառասուն տարիներու ժամանակահատուածին մէջ։ Այս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն սկսած մինչեւ այսօր, ուր ապրեցանք երկրին միջ-համայնքային տարակարծութիւնները եւ արճակատումները։ Ապրեցանք երկրին համար մշակոյթի վերածուած կաշառակերութիւնը եւ անոր ստեղծած կարգավիճակները։ Լիբանան մը, որ կեանքի նկատմամբ անպատասխանատու կեցուածք մը իւրացուցած է, ուր ամէն բան կարելի է իրականացնել՝ օրինական ձեւով թէ օրինազանցութեամբ։ Այս ստեղծած է իրեն յատուկ կենսամակարդակ մը բայց մանաւանդ կենսաոճ մը, որուն մէջ քաղաքացին պէտք է յարմարուի։

Այս յարմարուող կեանքերը  հասան տեղ մը ուր պոռթկացին։ Պոռթկումը անփոխին, որոնք խելագարուած դուրս եկան իրենց տուներէն հոկտեմբեր 2019-ին՝ պահանջելով արդար եւ մաքուր համակարգ մը։ Հոն ուր մարդուն եւ քաղաքացիին իրաւունքները նիւթական թէ հոգեկան կը պաշտպանուէին։ Կեանք մը, որուն իշխող քաղաքական ու պետական վերնախաւը արդար եւ շիտակ ձեւով պէտք էր որ յարաբերէին ժողովուրդին հետ։ Մէկ խօսքով, ժողովուրդը կը պահանջէր իր պետութեան յարգանքը նոյնինքն քաղաքացիին նկատմամբ։

Ժողովուրդին այս պոռթկումը կամաց-կամաց խամրեցաւ 2020 տարուայ սկիզբները։ Վրայ հասաւ համավարակը, ուր Լիբանան՝ ինչպէս բոլոր աշխարհ, անշարժացաւ։ Տնտեսական վիճակի ահաւոր անկումը, տնտեսական ու տակաւին դրամատուներու տագնապը աւելիով սրեցաւ։ Ժողովուրդի տգնաջան աշխատանքով վաստկած եկամուտը, որ պահ դրուած էր դրամատուներու մէջ «սառեցաւ», ինչ որ աւելիով պատճառ եղաւ քաղաքացիին անվստահութեան երկրի ղեկավարութեան եւ պետական վարչամեքենային նկատմամբ։

Օգոստոս 4-ի պայթումը եթէ մարդկային եւ ֆիզիքական ահաւոր աւերներ գործեց, բայց երեւի նոյնքան նաեւ մինչեւ օրս կուտակուած ընկերային եւ քաղաքացիական տագնապը հասցուց իր գագաթնակէտին։ Հիմա կը գտնուինք նոյնինքն այդ ամէնէն բարձր տագնապի հարթակին վրայ։

Պետութիւն-քաղաքացի յարափերութիւնը կը կազմաւորուի երկողմանի յարափերութեան մը մէջէն։ Այս յարափերութեան բարւոք յառաջխաղացքը կ՚ապահովուի եթէ կայ փոխադարձ յարգանք։ Ժողովուրդը պետութեան նկատմամբ կը կատարէ իր քաղաքացիական պարտաւորութիւնը, եւ նոյնքան պետութիւնը ժողովուրդին կը հայթայթէ բարւոք կենսամակարդակ։ Այս եղած է պատմութեան ստեղծած եւ հաստատած յարափերութեան հաշտ գործընթացքը՝ պետական վարչամեքենաներու եւ ժողովուրդներու միջեւ։

Օգոստոս 4-ի պայթումը իր բացայայտ թէ անյայտ պատճառներով պայթեցուց նաեւ երկար ժամանակէ ի վեր տակաւ առ տակաւ կուտակուած անվստահութեան տակարը պետութիւն եւ ժողովուրդ փոխ յարափերութեան մէջ։ Եթէ պայթումը եւ անոր աւերները ահաւոր հետեւանքներ կը ձգէ երկրին եւ ժողովուրդին վրայ, բայց նոյնքան նաեւ յուսահատութեան, յոգնութեան եւ մանաւանդ աղքատութեան նշաններ։

Լիբանան իր պատմութեան ընթացքին շատ ապրած է տագնապի փոռձարութիւնը։ Երբ այդ փոռձարութիւններուն մէջէն Լիբանան ընկրկած է, բայց դարձեալ ոտքի կեցած է։ Այս ալ Լիբանանի եւ իրեն յատուկ հրաշք-կենցաղն է կարծէք։ Բայց չէ որ ամէն բան կարելի է իրականացնել Լիբանանի մէջ։

Հայրս իր կեանքին ընթացքին յաճախ կը կրնկէր ֆրանսերէն ժողովրդային խօսք մը. «լիբանանցին լաւ ապրող է»։ Չեմ գիտեր ուրկէ իմացած էր։ Երեւի ինք ալ իր փոռձարութենէ՞ն։ Այո Լիբանանի հմայքը լաւ ապրելու կենցաղին մէջ է։ Իսկ լաւ ապրելու համար պէտք է իմանալ, թէ ինչպէս եւ ինչ ձեւով։ Ինչպէսը եւ անոր գիտելիքները կարծէք փիւնիկեան ժառանգ են, որ Լիբանանը եւ լիբանանցին ստացած է եւ ատով յառաջ կը քշէ իր կեանքը։ Եթէ ինք կը զարմանայ իր այս իւրայատկութեան վրայ, բայց նոյնքան նաեւ կը զարմացնէ աշխարհը։

Եթէ արցունքներուս մէջէն կը փորձեմ տեսնել լիբանանցիին այս «լաւ ապրելու» կենցաղը, բայց չեմ ուզեր մոռնալ արկայ մտահոգութիւնը՝ պետութիւն-ժողովուրդ յարափերութեան մէջ։ Այս յարափերութեան մէջ կայ պակաս օղակ մը։ Իսկ պակա՞սը՝ ժողովուրդին եւ պետութեան միջեւ մեծ բացութիւնը։

Եթէ լիբանանեան պետութիւնը այսօր պարտաւորուած է երկրին հազար ու մէկ մտահոգութիւններուն տալ բարւոք պատասխաններ եւ լուծումներ, բայց այդ բոլորին մէջէն քաղաքացին ունի մէկ մեծ եւ հիմնական մարտահրաւէր մը՝ ուղղուած պետութեան։

«Ես ով եմ»։

Պետութեան համար քաղաքացին ո՞վ է եւ ի՞նչ է։

Լիբանան այսօր եւ ամէն ժամանակէ աւելի պէտք ունի խաղաղութեան, համերաշխութեան բայց մանաւանդ արդարութեան։ Կը հասկնանք, թէ տարածաշրջանի եւ միջազգային ուժերը իրենց քաղաքական հաշուարկումներու եւ սակարակութիւններու մէջէն կրնան իրենց ազդեցութիւնը բանեցնել Լիբանանի բարօրութեան եւ յառաջխաղացքին։ Բայց ճիշդ չէ, որ Լիբանանի բոլոր քաղաքական հանգոյցները եւ անոնց բարդութիւնները բեռցնել միջազգային թատերաբեմին վրայ։ Կայ նաեւ տեղական պարտականութիւն մը, որ կարելի պէտք է ըլլալ իրագործել։

Պարտականութիւն մը, ուր կարելի պիտի ըլլալ կամրջել պետութիւն-քաղաքացի յարափերութիւնը։ Հոն ուր պետութիւնը իր վարկը կը վայելէ եւ քաղաքացին ունի պարտականութիւններ եւ պարտաւորութիւններ։ Այդ յարգանքն է որ կրնայ ընկերային եւ տնտեսական համերաշխութիւն եւ արդարութիւն ստեղծել երկրին մէջ՝ անկախ բոլոր միջազգային անցուդարձերէն։

Այս յարգանքը կերտելու համար ու տակաւին ամբողջացնելու համար պակասաւոր այդ օղակ-բացը պետութիւն-ժողովուրդ յարափերութեան մէջ, լիբանանցի քաղաքացին այսօր իր պետութենէն կը սպասէ իր ուղղած հարցումին պատշաճ պատասխան մը։

«Ես ով եմ»։

Ճիշդ ու պատշաճ պատասխանն է, որ պիտի կերտէ պետութիւն-քաղաքացիի միջեւ ստեղծուած բաց-օղակը՝ իմմա յարգանքը։ Յարագանքի այս օղակն է, որ կը շինէ խաղաղութիւն, համերաշխութիւն, եւ արդարութիւն։