Նախագահ Սարգիսեան Այցելած է Սահմանամերձ Չինարի Գիւղ

Հայաստան

 ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանի եւ Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեանի ուղեկցութեամբ այցելած է սահմանամերձ Չինարի գիւղ:

Չինարին Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանի ամենաթեժ տեղի վրայ է, անմիջապէս գիւղի հարեւանութեամբ ազրպէյճանական ռազմական դիրքերն են: Գտնուելով ազրպէյճանական կողմի մշտական հսկողութեան տակ՝ գիւղը հակառակորդի պարբերական կրակահերթերու թիրախն է: Անցեալ ամիս Տաւուշի սահմանին վրայ տեղի ունեցած ազրպէյճանական յարձակումին պատճառով Չինարին  ենթարկուած էր հրետակոծութեան:

Արմեն Սարգսեան այցելած է Չինարիի դպրոց, որուն շէնքը վնասուած էր հրետակոծութեան հետեւանքով, վնասուած էր նաեւ գոյքը:

Նախագահին որդիներուն՝ Հայկ եւ Վարդան Սարգսեաններու նուիրատւութեամբ դպրոցին յատկացուած են սեղաններ, աթոռներ, պահարաններ եւ  համակարգիչներ:

«Ես ինչ-որ իմաստով դարձած եմ այս դպրոցի եւ գիւղի բարեկամը։ Համարեցէք, որ սա նաեւ իմ դպրոցն է, եւ եթէ խնդիրներ կան, ինծի ըսէք։ Խօսքը նաեւ գիւղին կը վերաբերի»,- ըսած է նախագահը: Անոր յանձնարարութեամբ նախագահի աշխատակազմը պիտի լուծէ դպրոցի ջեռուցման խնդիրը:

Նախագահը ըսած է, որ մարդիկ, որոնք կ՛ապրին այս գեղեցիկ բնաշխարհի մէջ, «շատ աւելի խորն են ու բնական, քան մեզմէ շատերը»։

«Այստեղ դրախտ է: Մարդիկ դրախտի մէջ կ՛ապրին, իսկ մեր հայրենակիցներէն շատերը տեղեակ չեն, որ դրախտը մեր կողքին է։ Ես շատ լաւատես եմ եւ վստահ՝ բոլոր դժուարութիունները պիտի յաղթահարենք մեր միասնականութեամբ։ Մեր հանճարները պարբերաբար ըսած են այս մասին։ Մենք դպրոցին մէջ մեր ազգային միասնութեան մասին բանաստեղծութիւններ անգիր կը սորվինք։ Սակայն կը կարծեմ՝ անոնք արտասանելէն, իմանալէնց, գիտակցելէն, վերլուծելէն այն կողմ, կայ նաեւ պարզապէս զգալու խնդիր, որ քու կողքի հայ մարդը քու եղբայրն է կամ քոյրը։ Այդ պարագային այս կեանքին մէջ ոչ ոք քեզ չի կրնար յաղթել։ Այն մարդկայինը, որ մենք ունինք մեր հարեւանի, ընկերոջ, համագիւղացիին նկատմամբ, շատ մեծ արժէք ունի։ Այդ արժէքը հաճախ չի գնահատուիր, չենք գնահատեր զայն, թէ ինչ հարստութեան մէջ կ՛ապրինք, որ մարդկային հարստութիւնն է, մեր բնութիւնը», – ըսած է նախագահը: