«Շաղզոյեան» Կեդրոնը Ծանր Վնասներու Ենթարկուեցաւ

Սփիւռք

Երէկուան հսկայական պայթումին պատճառով «Շաղզոյեան» կեդրոնը, անոր մէջ գործող զանազան կառոյցներու գրասենեակները եւ բաժանմունքները նիւթական ծանր վնասներու ենթարկուեցան:

«Ազդակ»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ գրեթէ բոլոր գրասենեակներուն դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները փշրուեցան, մեծ վնասներ կրեցին ՀՅԴ Բիւրոյի, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակները եւ ժողովասրահները: «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ աւերը աննախընթաց է` ո՛չ միայն պատուհաններու ապակիներուն փշրուելուն առումով, այլ նաեւ ընդհանուր կառոյցին կրած վնասին առումով: Մեծ վնասներ կրեցին նաեւ երեսփոխանական գրասենեակի, «Ազդակ»-ի խմբագրատան, «Վանայ Ձայն»-ի, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ «Բագին»-ի գրասենեակները: Պայթումին ճնշումէն ո՛չ միայն փշրուած էին դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները, այլեւ ամբողջութեամբ պոկուած էին փեղկերը:

Պայթումին պատճառով վիրաւորուեցաւ նաեւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան:

«Ազդակ»-

«Բագին» հանդէսի գրասենեակ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն

«Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ

«Վանայ Ձայն»