Լիբանանի Մէջ Հայկական Կառոյցները Կը Գնահատեն Պայթումին Վնասները. Վերա Եագուպեան

Սփիւռք

Լիբանանի մէջ հայկական կառոյցները համակարգուած կ՛աշխատին Օգոստոս 4-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով կրած վնասներուն չափը յստակեցնելու համար: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՅԴ Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան` մանրամասնութիւններ ներկայացնելով Պէյրութի մէջ առկայ վիճակէն:

«Մեր գրասենեակը մեծ վնասներ կրած է` գոյք, պատուհաններ, դռներ: Պայթումը այնքան ուժգին եղած է, որ եթէ այդ ժամանակ գրասենեակին մէջ մարդ ըլլար, վստահաբար զոհ կ’ունենայինք: «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած գրասենեակային աշխատանքը սահմանափակ է, եւ այդ ժամուն այնտեղ մարդ չենք ունեցած: Բարեբախատաբար, միայն նիւթական վնաս կրած ենք»,-ըսած է Եագուպեան: 

Հայ համայնքի կրած վնասներուն հետ կապուած, ան նշած է, որ այսօր տեղական բոլոր կառոյցները լծուած են այդ գործին: Այժմ կը ճշդուին կրած վնասի չափը, որ հասակնալի ըլլայ օժանդակութեան հնարաւորութիւնները: Մինչ վերջնական յստակեցումը, նշեց ան, որ այսօր ալ անզէն աչքով կ՛երեւի, որ հայ համայնքը նիւթական մեծ վնաս կրած է: Բաւական տուժած են այն մարդիկ, որոնց տուները, կառոյցները, խանութները, գրասենեակները մօտ էին նաւահանգստին: Եագուպեանի խօսքով` կան ընտանիքներ, որոնց տուները վնասուած են: «Ծանր է վիճակը, տնտեսական տագնապ կայ: Դժբախտաբար, մեծ կարիքներու անհրաժեշտութիւն ունի Լիբանանի հայ համայնքը»,-աւելցուցած է ան:

Ան տեղեկացուցած է, որ Պէյրութի մէջ` պայթումին պատահած շրջանը, գրեթէ ամէն ինչ ոչնչացած է: Բաւական մեծ վնասներ կրած են բնակելի տուները, խանութները, տարբեր կառոյցներ: Ըստ անոր՝ նիւթական վնասին չափը շատ-շատ մեծ է:

«Պէյրութի մէջ մինչ պայթիւնն ալ կազի, քարիւղի, ելեկտրականութեան հետ կապուած դժուարութիւններ կային: Երկիրը տնտեսական տագնապ կ՛ապրի: Այս պայթումը դժբախտաբար աւելի բարդացուց երկրիին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, թէ` տնտեսական, թէ ընկերային եւ թէ քաղաքական: Այն նաւահանգիստը, ուր տեղի ունեցաւ պայթումը, կարեւոր տնտեսական օղակ է Լիբանանի տնտեսութեան համար: Լիբանանն, ի հարկէ, մէկ նաւահանգիստ չունի, այլընտրանքներ կարելի է փնտռել, բայց այս մէկը գլխաւորն էր: Այս ամէնը աւելի բարդացուց իրավիճակը, տնտեսական առումով շատ մեծ հարուած էր»,-ըսաւ ՀՅԴ Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատուն: