Պէյրութի Պայթումին Հետեւանքով Զոհուած Հայերուն Թիւը Այս Պահուն Վեց է. ԱԳՆ

Սփիւռք

Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով զոհուած հայերուն թիւը վեց է, կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան:

Ան կը յայտնէ, որ ԱԳՆ-ի մէջ ձեւաւորուած է աշխատանքային խումբ` Լիբանանին թիրախային աջակցութեան տրամադրումը Լիբանանի ճգնաժամային կառոյցի հետ համակարգելու նպատակով: Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը մշտական կապի մէջ է տեղի պատկան մարմիններուն հետ` միասնաբար գնահատելու լիբանանեան կողմի կարիքները եւ աջակցութեան շրջանակը:

«Զուգահեռաբար կապ կը պահպանուի հայ համայնքային կառոյցներու հետ` կարիքները գնահատելու նպատակով: Լիբանանի մէջ դեսպանութիւնը կ՛աշխատի արտակարգ կարգով, կը գործէ թէժ գիծ», – Ֆէյսպուքի մէջ գրած է ԱԳՆ խօսնակը:

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 4-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ուժգին պայթում կը տեղի ունեցած: Նախնական տուեալներով զոհուած է աւելի քան 100 մարդ, հազարաւոր մարդիկ վիրաւորուած են, քաղաքին մէկ մասը փլատակներու վերածուած է: Երկրին մէջ երեք օր սուգ յայտարարուած է: