Մասնագէտները Անվստահութիւն Եւ Դժգոհութիւն Կը Յայտնեն Հանրակրթութեան Նոր Չափորոշիչներուն Նկատմամբ

Հայաստան

Պատմութեան չափորոշիչները մշակած խումբի ղեկավար Լիլիթ Մկրտչեանը թուրք հեղինակներու հետ գրած աշխատութեան մէջ հայկական դասագիրքերու հեղինակները մեղադրած է այն բանի համար, որ հայ կիները անտեսուած են եւ անոնք հայրիշխանական հասարակութիւն կը ներկայացնեն` ըստ «Երկիր»-ին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը «Հանրակրթական դպրոցի պատմութեան ծրագիրներու նախագիծերու, անոնց ետին կանգնած ուժերու գործունէութեան եւ յարակից հարցերու մասին» նիւթով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Որպէսզի ցոյց տան, թէ որքա՛ն նսեմացուցած ենք հայ կնոջ դերը պատմութեան մէջ, մեզ կը քննադատեն, թէ ինչո՞ւ չենք յանդիմանած Արտաշէսին, որ անամօթաբար գնաց, պարանը նետեց եւ գետի միւս ափէն Սաթենիկը առեւանգեց, մէջքն ալ ցաւցուց. հապա կնոջ հանդէպ այդպիսի վերաբերմունք կարելի է՞: Կը պատկերացնէ՞ք, անհեթեթը ո՛ւր հասած է` մարդիկ նստած, մտածած են, թէ կարելի է օրինակ բերել, որ հայ մարդը անտեսած է հայ կինը»,- նշեց Աշոտ Մելքոնեան:

Ան ընդգծեց, որ բոլորը գիտեն, թէ հայ մարդուն համար հայ կինը, որ մայր է առաջին հերթին, քոյր է, սրբութիւն է, եւ մենք` հայերս, որպէս ընտանեկան ընկալման առումով բարձր աստիճանի վրայ կանգնած, ինչպէս միշտ մեծարած ենք հայ կինը. «Եւ ուրեմն եղաւ, որ մենք անտեսա՞ծ ենք հայ կինը… խայտառակութիւն է: Դուք անգամ մը կարդացէք Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու կամ Ռուսիոյ պատմութիւնը, տեսէք` գիշեր-ցերեկ կինե՞րը ստեղծած են պատմութիւնը»:

Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ բոլոր հաւանական թագուհիներու անունները մեր դասագիրքերուն մէջ կան` Էրատոյէն սկսեալ, մինչեւ Փառանձեմ, Այծեմնիկ եւ միւսները: Հետաքրքրականը այն է, որ նոյնիսկ մեր պատմաբանները առանձին աշխատութիւններով անդրադարձած են.  Արտակ Մովսիսեանը հայոց թագուհիներու մասին աշխատութիւն ունի եւ Էդիկ Մինասեանը երկու գիրք գրած է` ազգային ազատագրական շարժման մէջ հայ կիներու դերակատարութեան մասին:

«Մինչդեռ տողատակի կը քննադատուինք մենք` բոլորս, այն մարդիկը, որ հայոց պատմութիւն դասաւանդած են այդ խումբի անդամներուն»,- ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան:

Մեր հիմնարկը քննարկած է, եւ աշխատակիցներու մեծագոյն մասը գտած է, որ ասիկա ազգային անվտանգութեան խնդիր է եւ զուտ գիտակրթական խնդիր ըլլալէ արդէն տեղափոխուած է այդ դաշտը, ուստի մենք յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած ենք ԱԱԾ-ի ուշադրութիւնը հրաւիրելով հարցին վրայ”,- յայտարարեց Աշոտ Մելքոնեանը ասուլիսի ընթացքին:

Յայտարարութեան մէջ պատմաբանները նաեւ նշած են, որ եթէ չափորոշիչները մշակող յանձնախումբը կ՛անտեսէ նախորդ դասագիրքերը` զանոնք որակելով խորհրդային ժամանակներու շունչով գրուածներ, ապա թող բարի ըլլան հաշուի առնել Հայոց պատմութեան ակադեմական հատորները, որոնք անաչառ պատմութիւնը կը  ներկայացնեն Հայաստանի եւ սփիւռքի լաւագոյն պատմաբաններու  մատուցումով:

Յայտնենք, որ «Երկիր»-ի հրապարակումէն ետք, որով կը բացայայտուի, որ «պատմութիւն» եւ «հասարակագիտութիւն» նիւթերու չափորոշիչները մշակող յանձնախումբի անդամները արտասահմանեան դրամաշնորհային ծրագիրներ իրականացուցած են` Թուրքիոյ հանդէպ թշնամիի կերպարը վերացնելու ուղղութեամբ եւ երկու աշխատութիւն հրապարակած այս նիւթով, լայն հանրութիւնը անվստահութեան  կը յայտնէ հանրակրթութեան չափորոշիչները այդ ոգիով շարադրելու գործընթացին: Մասնագէտները կ՛արձանագրեն չափորոշիչներու հակահայկական յստակ դրսեւորումներ: Հայաստանի  Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը այս հարցին վրայ կը հրաւիրէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ուշադրութիւնը: