Համբերութեան Բաժակը. Ս. Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

12 Յուլիսին ու յաջորդ օրերուն, ազերիական բանակը, Հայաստանի Տաւուշ քաղաքի սահմանային գօտիէն ներս թափանցումի փորձ կատարելով, նոր տարածք մը տուաւ հայ-ազերիական հակամարտութեան, որ մինչ այդ, առաւելաբար կը տարուէր Արցախի ճակատներուն վրայ: Չենք մոռցած ուղղակի Հայաստանի վրայ անցեալի յարձակումներն ու ռմբակոծումները, սակայն Տաւուշի ուղղութեամբ գործողութիւնը բացայայտօրէն տարբեր էր նախընթացներէն, ինչպէս որ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմը տարբեր էր իր նախընթացներէն (որոնք յաջորդած էին Շուշիի եւ արցախեան այլ շրջաններու ազատագրումին ու անոր հետեւած՝ զինադուլի համաձայնութեան):

Քանի մը օր ետք, աշխարհին համար արեւու լոյսին պէս յստակ դարձաւ, որ ազերիական բանակն էր նախայարձակը, գործադրութեան դնելով Ալիեւի ու գործակիցներուն ռազմատենչ սպառնալիքները, որոնք անվերապահ քաջալերանք գտած են ու կը գտնեն համաթուրանական հին ծրագիրները վերականգնելու ձգտող Թուրքիոյ կողմէ: Ու տարօրինակ չէր, որ ուղղակի եւ անուղղակի դատապարտանքի արտայայտութիւնները ուղղուեցան Ատրպէյճանին, որքան ալ որ ոմանք փորձեցին «հաւասարակշռութիւն» պահել եւ հակադիր կողմերը հրաւիրեցին ինքնազսպումի, ռազմական գործողութեանց դադրեցումին:

***

MAHSEREJ

Ռազմաճակատին ընդհանուր հանդարտեցումէն ետք (չենք մոռնար օր աւուր կրկնուող կրակոցները, հրթիռարձակումները եւ թափանցումի նոր փորձերը), Ատրպէյճան տարբեր տարածք տուաւ հակամարտութեան: Ո՛չ ոք թող մատին ետին պահուըտի,  չտեսնելու համար, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, հայ անհատներու, հաստատութեանց ու դիւանագիտական ներկայացուցչութեանց դէմ խուլիկանական արարքները, ոճրային յարձակումները հրահրուած են, կազմակերպուած ու հովանաւորուած՝ Պաքուի աւազակախումբին կողմէ, մի՛շտ զօրակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ «սուլթան» Էրտողանի Թուրքիոյ:

Ճակատին վրայ, ազերիներու յարձակումներուն խորտակումը բացայայտ է: Հայկական բանակին աներեր կեցուածքը եւ զոհաբերութիւնը կը վայելէ համայն հայութեան զօրակցութիւնը: Ազերին անգամ մը եւս զգաց, որ հայը աննահանջ կանգնած է իր հողին ու իրաւունքներուն պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ, նաեւ՝ բանակին թիկունքը ամուր է, սկսելով նոյնինքն Հայաստան-Արցախէն, մինչեւ սփիւռքեան մօտակայ եւ հեռաւոր բերդերը: Այս բոլորը, աշխարհի այս կամ այն ծագէն հնչած հրաւէրներուն հետ, զգաստութեան ամէնէն գործնական կոչն են ազերիին եւ անոր կողքին կանգնողներուն:

***

F

Հայ պտղավաճառներու դէմ ոտնձգութեամբ սկսած, անհատներու վրայ յարձակումներով շարունակուած եւ հայկական դպրոցի մը ու կեդրոնի մը վրայ խուլիկանական արարքներով նոր ծաւալ ստացած ազերիական յելուզակութիւնները, վատոգի արարքները նախ եւ առաջ կը կարօտին տարբեր երկիրներու պատկան մարմիններուն, ապահովութեան սպասարկութեանց ազդու միջամտութեան: Ռուսիոյ մէջ ձերբակալուած են քանի մը տասնեակ յանցագործներ, որոնց դէմ պէտք է կիրարկուին օրէնքին թելադրած խստագոյն պատիժները, որպէսզի աւազակաբարոյ խուլիկաններ չհամարձակին կրկնել թրքաբարոյ արարքներ: Նոյնը՝ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ այն երկիրներուն մէջ, ուր թուրք-ազերիական «գորշ գայլեր»ը կը փորձեն կամ պիտի համարձակին ցոյց տալ իրենց ժանիքները:

Հայկական կողմը եղաւ ու կը մնայ օրինապահ: Պաշտօնական հեղինակութիւններ կոչ կ’ուղղեն չիյնալու թուրք-ազերիական սադրանքներուն մէջ, իրաւապահ մարմիններուն վստահիլ ոճրագործներուն եւ յելուզակներուն հետապնդումը, անոնց դէմ պատիժներու տնօրինումը:

***

Այս բոլորը՝ շատ բարի: Սակայն ինչպէս որ Հայաստանի ու Արցախի սահմանը եւ հողը պաշտպանողին համբերութիւնը սահման ունի, նոյնպէս ալ աշխարհատարած հայութեան համբերութիւնը ունի սահման: Թուրք-ազերիական հակահայ արարքները աննախընթաց չեն. մասնաւորաբար Ապրիլ 24ի օրերուն, աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ, հայկական յուշակոթողներ ու հաստատութիւններ թրքաբարոյ յարձակումներու, պղծումի ենթակայ դարձած են, յանցագործները մեծ մասամբ մնացած են «անգտանելի» եւ անպատիժ: Այս հանգրուանին, յարձակողականը տարբեր տրամաբանութեամբ կազմակերպուած է ու տարբեր մարտահրաւէրի դիմաց կը դնէ հայուն համբերութիւնն ու հանդուրժողութիւնը:

…Մեր ձեռքին ունինք ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու երգարան մը, որ կը բովանդակէ շուրջ 200 երգ: Ծանօթ է, որ մեր այս երգերը ընդհանրապէս հերոսներու, պատմական դէպքերու, ճակատամարտերու եւ հերոսպատումներ տեսած վայրերու ներբողականներն են, յաճախ նաեւ զոհաբերութեան եւ ինքնավստահութեան պատկերումներ: Խանասորի արշաւանքին (որուն տարեդարձը կը նշենք այս օրերուն) նուիրուած երգերն իսկ յարիր են հայու ասպետական նկարագիրին:

Երգերու շարքին, կայ «Կտրիճին ձայնը» խորագրեալ երգ մը, որ իւրայատուկ է, անոր նմանը չկայ (կը կարծենք): Երգին չորրորդ տունը շատ ուշագրաւ է եւ չի կարօտիր երկար մեկնաբանութեան: Ահա թէ ինչ կ’ըսուի հոն.

«Աչքերի դէմ աչքեր հանենք,

Ատամի տեղ՝ ատամներ,

Մեր մէկ հաւը գողացողին

Ամբողջ տո՛ւնը թալանենք»:

Այս մէջբերումը չենք կատարեր իբրեւ բրտութեան դիմելու մարտակոչ, այլ յիշեցնելու՝ որ այս երգը թուրքին ոճրային արարքներու նախընթացներէն ծնած է եւ թէ՝ սահման ունի  համբերութեան բաժակը անգա՛մ ամէնէն խաղաղասէրին ու հանդուրժողին, որմէ ո՛չ ոք կրնայ խլել ինքնապաշտպանութեան եւ արդար հատուցում պահանջելու իրաւունքը: