Ազրպէյճանի Նախաձեռնած Սադրանքներուն Դէմ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Աշխարհ, Սփիւռք

Երէկ` 28 Յուլիսին մարսէյլաբնակ հայերը, ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Մարսէյլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան դիմաց` ընդդէմ հայ-ազրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ 12 Յուլիսէն իրականացուող ազրպէյճանական սադրանքներուն:

«Պի.Պի.Սի.»-ի Առջեւ Ցոյց`
Լոնտոնի Մէջ

«Պի.Պի.Սի.»-ի լոնտոնեան կեդրոնակայանին առջեւ հանրահաւաք կազմակերպած էր ազրպէյճանական համայնքը: ՀՅԴ Բրիտանիոյ Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ` զուգահեռ հաւաքուեցան նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները:

Ցոյց կազմակերպելու հիմնական ազդակը տրուած էր ՀՅԴ Բրիտանիոյ Հայ Դատի գրասենեակէն, բայց երբ արդէն լուրը տարածուեցաւ, հետեւեցան նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ սրբազան Մանուկեանի օրհնութիւնը, Համայնքային խորհուրդի հաւանութիւնը, եւ համայնքի ամբողջ ներուժը ի սպաս դրուեցաւ, որ համահայկական ձայնը հնչէ:

«Պի.Պի.Սի.»-էն ներկայացուցիչ դուրս չեկաւ` ցոյցի ուղերձին ծանօթանալու համար, բայց, Լոնտոնի Ս. Եղիշէ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նշան քհնյ. Ալավերդեան ըսաւ, թէ հայկական կողմը պատրաստած է նամակ մը, որ պէտք է յանձնուի «Պի.Պի.Սի.»-ի գրասենեակին` հայկական կողմին կարծիքը ներկայացնելու համար:

Ցոյցի աւարտին, ոստիկանները թոյլատրեցին, որ ազրպէյճանցիները մօտենան հայերուն եւ հայհոյանքներ տեղան: Հայկական կողմէն կը փորձէին չներքաշուիլ սադրանքին, բայց ազրպէյճանցիները սկսան հայկական դրօշները յափշտակել, եւ իրավիճակը դուրս եկաւ վերահսկողութենէ ու բախում եղաւ: Կարճ քաշքշուքէ ետք ազրպէյճանցիները հեռացան: