Տաւուշի Մէջ Զոհուած Զինծառայողներու Հոգիներուն Համար Աղօթք՝ Ուաշինկթընի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Ուաշինկթընի Սուրբ Աստուածածին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ պատարագէն ետք, յատուկ հոգեհանգիստի արարողութեամբ աղօթք հնչեցուած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին զոհուած հայ զինուորականներուն համար:

«Ամերիկայի ձայն»-ին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Յովսէփ քահանայ Կարապետեանի խօսքով՝ «քորոնա» ժահրի սահմանափակումներէն ետք արդէն չորրոդ շաբաթն է, որ եկեղեցին բաց է:

«Եւ, օգտուելով առիթէն, այսօր աղօթեցինք սահմանին զոհուած մեր զինուորականներուն եւ մեր սամաններու խաղաղութեան համար»,- ըսած է քահանան:

Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամ Արա Աւետիսեանի խօսքով՝ իրենց  աղօթքները կ՝ուղղեն Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին՝ յուսալով, որ բոլոր տեսակի հակամարտութիւնները պիտի լուծուին խաղաղ ճանապարհով:

«Մենք կ՝աղօթենք հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար, կ՝աղօթենք, որ Աստուած մեր ժողովուրդին հետ ըլլայ եւ պաշտպանէ մեր ժողովուրդը»,- նշած է Արա Աւետիսեան: