Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Ներկայացնէ “Փեթակ” Ծրագիրը

Սփիւռք

Համազգայինը ուրախութեամբ կը ներկայացնէ «Փեթակ» ծրագիրը՝ 8-14 տարեկան պատանիներու համար: Անիկա բաղկացած պիտի ըլլայ երեք աշխատանոցներէ՝ արուեստ, գիտութիւն եւ լրագրութիւն ուղղութիւններով, իսկ իւրաքանչիւրի պարագային պատանիներուն հետ պիտի աշխատին համապատասխան մասնագէտներ՝ սփիւռքէն:

Դասընթացքները տեղի պիտի ունենան արեւմտահայերէնով՝ առիթ տալով պատանիներուն սորվելու նաեւ արեւմտահայերէն, առցանց կապի մէջ մտնելու սփիւռքի իրենց հասակակիցներուն հետ:

Դասընթացքի տնային պարտականութիւնները, որոնք պէտք է օգտագործուին աշխատանքի ընթացքին, նախօրօք պիտի ուղարկուին մասնակիցի ել.նամակի հասցէին: Արձանագրուողները մասնակցութեան կապը պիտի ստանան դասընթացքէն 24 ժամ առաջ: Դասընթացքները պիտի ըլլան «Zoom» ծրագիրով:

Մասնակիցները պէտք է արձանագրուին մինչեւ 31 յուլիս 2020: Մասնակցելու համար պէտք է ուղղորդուիլ այս յղումով եւ արձանագրուիլ՝ cutt.ly/4a2bb7G

Պատանիներուն հետ պիտի աշխատին հետեւեալ մասնագէտները, հետեւեալ օրերուն՝

ա/ Նկարչութիւն

10-14 տարեկաններու համար

Դասընթացավար՝ Մարալ Մասոյեան-Քէշիշեան

3-էն 10 օգոստոս

բ/Գիտական փորձարկութիւն

8-12 տարեկաններու համար

Դասընթացավար՝ դոկտ. Շողակ Բանջարեան

4-էն 11 օգոստոս

գ/ Լրագրութիւնը հայկական Սփիւռքին մէջ

10-14 տարեկաններու համար

Դասընթացավար՝ «Հայ հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանի գլխաւոր տնօրէն Թամար Շահինեան

5 օգոստոս

Ժամերու մասին պիտի տեղեկացնենք նախօրօք՝ ել.նամակի միջոցով: