Ազրպէյճան Պէտք Է Վստահելի Քայլեր Ձեռնարկէ Հրադադարի Ամրապնդման Ուղղութեամբ. ՀՀ ԱԳՆ

Հայաստան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամոյ բանբեր Աննա Նաղտալեան անդրադարձաւ Յուլիս 27 -ին, ազրպէյճանցի արձակազէնի մը կողմէ հայ զինուորին սպանութեան եւ Թուրքիոյ հետ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ իրականացնելու մասին Ազրպէյճանի յայտարարութեան՝ նշելով, թէ այդ բոլորը ապացոյց են, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը սադրիչ գործողութիւններու միջոցով կը խոչընդոտէ իրավիճակի լիցքաթափումը եւ խաղաղ գործընթացի վերսկսման միջազգային միջնորդներուն ջանքերը, նաեւ այդպիսով իսկ կը ստանձնէ հետագայ ապակայունացման հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը։

«Յատկանշանական է, որ Ազրպէյճան այս սադրանքին կը դիմէ հաշուած օրեր անց ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահներուն կողմէ կատարուած յայտարարութենէն, որուն մէջ համանախագահները առանձնայատուկ կարեւոր համարած էին ստեղծուած իրավիճակին մէջ հրադադարը խստագոյնս պահպանելը եւ սադրիչ գործողութիւններէն զերծ մնալը:

«Միաժամանակ Ազրպէյճան կը յայտարարէ Թուրքիոյ հետ լայնածաւալ զորավարժութիւններ ընելու մասին: Այս ամէնը կը վկայէ, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը սադրիչ գործողութիւններու միջոցով կը խոչընդոտէ իրավիճակի լիցքաթափման եւ խաղաղ գործընթացի վերսկսման միջազգային միջնորդներու ջանքերը եւ ատով իսկ կը ստանձնէ հետագայ ապակայունացման հետեւանքներու պատասխանատուութիւնը:

«Ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումը յստակօրէն արտայայտվել է ՀՀ վարչապետի կողմից Յուլիսի 23ին ՀՀ կառավարութեան նիստին: Ադրբեջանը հրապարակայնօրէն պէտք է հրաժարուի ուժի կիրառումից, ետ կանգնի իր առաւելապաշտական մօտեցումներից եւ վստահելի քայլեր ձեռնարկի հրադադարի ամրապնդման ուղղութեամբ, ինչը հնարաւորութիւն կը ստեղծի խաղաղ գործընթացի վերականգնման եւ առաջմղման համար», յայտնեց Նաղտալեան: