Խորենացիէն Տոնոյեան, Կամ՝ Հայ Ապրելու Պայմանը Հինգերորդ Դարէն Արդի Ժամանակներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խ. Տէր Ղուկասեան

Խեղադիւրել, խաբել, սուտ լուրեր տարածել, կաշառել, քաղաքական ազդեցիկ անձնաւորութիւններ գնել և ներգրաւել վարձկան մտաւորականներ, որոնք պատրաստ են պատեհ առիթին իրենց հոգին ծախել և իրենց ծառայութիւնները մատուցել համալսարանական շրջանակներու, ակադեմական թէ հետազօտական հաստատութիւններու մէջ: Այս է ազրպէյճանական դիւանագիտութեան առաքելութիւնը: Յայտարարուած նպատակը Հայաստանը միջազգային ոլորտին մէջ մեկուսացնել է: Յար և նման աշխարհաքաղաքական իր տարածաշրջանին մէջ իր մեկուսացման, որմէ դուրս եկած է և դէպի աշխարհ բացուած Սփիւռքին շնորհիւ: Հայաստանի դիւանագիտական մեկուսացումը, հետևաբար, Սփիւռքի քաղաքական զօրաշարժին ամլացումն է: Այդ ալ մաս կը կազմէ ազրպէյճանական դիւանագիտական առաքելութեան:

Հայատեացութեան տարբեր ձևերու սահմանումն ու տարածումը նախագահութեան անմիջական վերահսկողութեան տակ տեղի կ’ունենայ: Հանրային ելոյթները, իր ժողովուրդին թէ աշխարհին, հայատեացութեան ամենաերևելի բաժինն են: Հայատեացութիւնը կառուցային բնոյթ ունի ի դէմս կրթական համակարգին, քարոզչական մեքենային և ազգայնամոլ զանգուածային զօրաշարժերու, ուր հայերու բնաջնջման ու պատերազմի կոչերը յատուկ ծրագրաւորուած են և գրեթէ միշտ կրօնական բացագանչութիւններով համեմուած: Հայատեացութիւնը իր գործնական ու բարբարոս արտայայտութիւնը կ’ունենայ պատեհ առիթին: Ինչպէս Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ իր սենեկակից Գուրգէն Մարգարեանի կացնահարումը այս վերջինին քնացած ժամանակ Պուտափեշտի մէջ 2004ին, ՕԹԱՆի միացեալ դասընթացքի մը ժամանակ: Սակայն կարծես այդ հայատեացութիւնը արդէն համաշխարհայնացած է տարբեր երկիրներու մէջ ազրպէյճանցիներու կողմէ հայերու դէմ կատարուած բռնարարքներու սանձազերծումով:

Հայատեացութեան նպատակը վախցնել է: Հայերուն յիշեցնել, որ դարեր շարունակ թուրքին ստրուկ եղած են և թէ որքա՛ն կրնայ բարբարոսանալ թուրքը երբ ուզէ: Վախցնել՝ թուլացնելու համար պատերազմը յաղթած, հայրենի հողն ազատագրած ժողովուրդի մարտունակ ոգին, պատգամ յղել Սփիւռքին որ ուշադի՛ր այս վերջին հողակտորն ալ կրնայ անհետանալ եթէ իրենց հայրենակիցներուն խելքի չհրաւիրեն: Այսինքն՝ հողային զիջում ընեն: Ոչ միայն այն հոծատարածքները որոնք Մատրիտեան Սկզբունքներ կոչուած անիծեալ ժառանգով սահմանուած են որպէս «Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող տարածութիւններ», այլ ամէն ինչ. Արցախը, Զանգեզուրը, Երևանը…

2003ին իշխանութեան հասած Իլհամ Ալիևի կառուցած ամբողջատիրական համակարգի այս երկու հիմնաքարերը ունին իրենց ներշնչողը, հովանաւորը և մշտական դաշնակիցը ի դէմս Թուրքիոյ: Ինչ որ իմաստով Ազրպէյճանը ինք Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան նորարարումն է, նոր հորիզոններու նուաճման փորձը, փանթուրքիզմը 21րդ դարուն: Առանց Ցեղասպանութեան ժխտումին Թուրքիոյ օրինականութիւնն իսկ հարցականի տակ կ’ըլլայ որպէս պետութիւն մը որ կառուցուած է այլոց պատմական հայրենիքի բռնագրաւումով և իր բնակիչներէն պարպումով: Անշուշտ, կարելի է միշտ ոճիրը ընդունիլ, ներողութիւն խնդրել և հատուցել: Բայց այդ քայլերը, զղջումն ու յանցանքի գիտակցութիւնը մարդկային արարքներ են: Երևի դժուար է այս յղացքին ընկալումն իսկ կայսերական իր անցեալով հպարտ Թուրքիոյ համար, կամ անհամատեղելի իր կայսերական ախորժակներուն՝ Կիպրոս 1974, Իրաքի հիւսիսային տարածք՝ 2003, Սուրիա՝ 2011էն ի վեր, Լիպիա ներկայիս…

Խորհրդային Միութեան փլուզումով անկախացած Ազրպէյճանն ալ ծնունդ առաւ 1988ի Սումկայթի փոկրոմով, որ ատենին նսեմացուեցաւ որպէս քանի մը խուլիգաններու արարք, որ անհամատեղելի էր «ժողովուրդերու բարեկամութեան» մեծ նուաճումին հետ, ինչպէս հրամանագրուեցաւ Մոսկուայէն: Լենինեան ուղիի ամենամեծ իրագործում համարուած այդ «ժողովուրդներու բարեկամութիւնը» Կլասնոսթի թափանցիկութեան մէջ չէր տեղադրուեր, «ազգութիւններու հարցը» փերեսթրոքայմացման պէտք չունէր, արդէն բարեյաջող լուծուած էր: Սումկայթը, հետևաբար, Ալիևի ամբողջատիրական համակարգին մաս պիտի կազմէ ոչ միայն որպէս ժխտուած ոճիրը, այլ ազրպէյճանական ժխտողականութիւնը որակական նոր ոստում մը պիտի տար՝ Խոճալուի «ցեղասպանութեան» հնարումով, որուն հետևումով ալ օրինականացուի հակահայ ատելութիւնը, որու գերագոյն հանգրուանը Երևանի ազրպէյճանական քաղաք ըլլալու հաւակնութիւնն է:

Ալիևի ամբողջատիրական համակարգի գործնականացման դէմ յանդիման, Հայաստանն ու հայութիւնը ռազմատենչ կիրքով բորբոքելու պէտք չունին: Ոչ ալ իրենք իրենց պարտաւոր զգալու՝ սիրոյ ու խաղաղութեան յանձնառութեան փաստը տալու երբ Մինսքի Խմբակն ու տարբեր մայրաքաղաքներ ոչ-բնական չէզոքութիւն կը պահեն: Այս չէզոքութիւնը պատգամի մէջ չներգրաւուած երրորդ կողմի դիւանագիտական սպասելի վերաբերմունք մը չէ միայն. յաջողութիւնն է ազրպէյճանական դիւանագիտութեան, որ յաջողեցաւ երրորդ կողմերուն համոզել որ նոյնիսկ եթէ անժխտելի փաստեր ըլլան իր նախայարձակ կողմ ըլլալու, աշխարհը որպէս նուազագոյն չէզոքութիւն պիտի պահէ: Անկէ անդին, զոհը դահիճի աթոռին նստեցնելու ճիգը կը վստահուի այն ոչ-ազրպէյճանցի դիւանագէտներուն որոնք մոլի դարձած են Պաքուի մէջ իրենց կերած ձկնկիթին և ծպտեալ մասնագէտներուն որոնց աշխատավարձին մէկ բաժինը կը հոգայ այն հանրածանօթ հաստատութիւններու մէջ ուր տեղադրուած են, և ուրկէ ալ հայկական կողմը ամբաստանող առարկայականութեամբ «աշխատասիրութիւններ» կը հրապարակեն:

Տագնապին ոչ-առընչակից երրորդ կողմերու չէզոքութիւնը հետևանք է նաև, պէտք է ընդունիլ, հայկական դիւանագիտութեան անթոյլատրելի անուշադրութեան ու բացթողումին և Սփիւռքի մէջ արցախեան հարցով զօրաշարժի ժամանակաւոր մարումին 1994ի զինադադարէն յետոյ: Հակառակ անոր որ առնուազն 2005էն սկսեալ, քարիւղի տակառի գինի մրցանշային աճումի տարիներուն, ազրպէյճանական լաւ պատրաստուած դիւանագիտական ու քարոզչական յարձակողականը աշխարհով մէկ սկսած ըլլալու շատ յստակ նշաններ տուաւ: Հայկական կողմին համար հետևաբար, մասնաւորաբար 2016ի պատերազմէն յետոյ, հրամայականը տագնապին խաղաղ լուծումի յանձնառութեան վերհաստատումը չէ: Տագնապին խաղաղ լուծումը բովանդազուրկ խօսոյթի վերածուած է ազրպէյճանական ռազմամոլութեան պայմաններուն մէջ: Հրամայականը՝ երրորդ կողմերու չէզոքութեան ապակառուցումն է, քանդումը պատումի մը որու ետին պահուըտած է թուրք-ազրպէյճանական ժխտողականութեան մէջ արմատացած ցեղասպանական դարաւոր բնազդը:

Ինչ կը վերաբերի Ալիևի ամբողջատիրական համակարգի աւելի ռազմատենչ երեսին, ապա և անոր պատասխանը հայկական պաշտպանական համակարգի պատրաստութիւնն ու պայքարի վճռակամութիւնն է: Պաշտպանական համակարգ մը, որ հակառակ պիւտճէական ահաւոր տարբերութիւններուն կարող է վար առնել թշնամիին 30 միլիոն տոլար արժող անօդաչու սարքը: Պատերազմի մշտականապէս պատրաստ զինուած ժողովուրդի մը ճակատագիրը երկրի աշխարհաքաղաքական անբարենպաստ դիրքին պարտադրանքն է, որուն ցաւը խորապէս կը զգացուի ճակատին ինկած իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի հետ: Բայց ինչպէս այլ բախտակից ժողովուրդներու պարագան ցոյց կու տայ, անբախտութիւնը անպայմանօրէն ճակատագրապաշտ անէծք չէ եթէ խոցելիութեան պայմանները բանականացուին որպէս ռազմավարական մշտական զգոյութեան հրամայական՝ իր թելադրած քաղաքական տնտեսութեան կազմակերպումով:

Երբ Միացեալ Թագաւորութեան նախկին վարչապետ Թոնի Պլէրի նման միջազգային քաղաքականութեան փերեզակներ Իրաքի ներխուժման օրերուն Սի.Էն.Էն.ի քամերաներուն նայելով սթոյիք իմաստուն հովեր առած կը յայտարարէ թէ «երբեմն խաղաղութիւնը պաշտպանելու համար անհրաժեշտ է պատերազմիլ», կասկած չի ձգեր իր կայսերապաշտութեան, ոչ ալ իր ըսածին մէկ նոր սուտ ըլլալու մասին: SI VIS PACEM, PARA BELLUM Հայաստանի համար գոյութեան պայման է: ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տոնոյեան անոր մօտիկ կարգախօս մը՝ «հողատարածք խաղաղութեան դիմաց» վերաբանաձևեց. «նոր պատերազմ, նոր հողատարածքներ»:

Տոնոյեանի խօսքերուն մէջ պիտի լսել Խորենացին՝ «Քաջաց սահմանք, զէնն իւրանց». հայ ապրելու պայմանը: